Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

Ռուսիոյ Նախագահը Հաստատած է Հայաստանի եւ Ռուսիոյ Զինուած Ուժերու Միացեալ Խմբաւորում Ստեղծելու Համաձայնագիրը

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հաստատած է Հայաստանի հետ զինուած ուժերու միացեալ խմբաւորում ստեղծելու մասին համաձայնագիրի նախագիծը: Այս մասին կը գրէ «ԹԱՍՍ»-ը:

Ան յանձնարարած է  Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան Հայաստանի պաշտպանութեան ու արտաքին գործոց նախարարութիւններու հետ բանակցութիւններ սկսած եւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու  արդիւնքով ստորագրել համաձայանգիրը:

Ըստ համաձայնագիրին, խմբաւորման ստեղծման նպատակը Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ կողմերու անվտանգութեան ապահովումն է: Անիկա պիտի կնքուի 5 տարի ժամկէտով եւ ինքնաշխատ կերպով կ’երկարձագուի, եթէ կողմերէն ոչ մէկը անկէ դուրս գալու փափաք չյայտնէ: Ստեղծուող խմբաւորման հիմնական նպատակը պիտի ըլլայ ետ մղել յարձակումը կողմերէն ոեւէ մէկուն վրայ, ինչպէս նաեւ պաշտպանել Հայաստանի եւ Ռուսիոյ պետական սահմանները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին