Ուրբաթ, 13. 06. 2025

spot_img

«Միրաք» Կը Շարունակէ Իր Վերելքը

Կիրակի, 13 Նոյեմբեր 2016ին, ՌԱԿի «Միրաք» պատանեկան-ուսանողական շարժման կիրակնօրեան յագեցած էր ճոխ յայտագիրով եւ Հայաստանի տեսարժան վայրեր այցելութեամբ:

IMG-20161113-WA0037

 

Նախքան ճամբայ ելլելը, Թէքէեան կեդրոն հաւաքուած «Միրաք»ի պատանիներուն անակնկալ եղաւ խումբին համար պատրաստուած յատուկ տարազը, որ կը կրէր «Միրաք»ի խորհրդանշանը, պատրաստուած Ընկ. Ալեքսան Գարատանայեանի կողմէ: Միագոյն «Միրաք»ի անդամներու ուղեւորութեան առաջին հանգրուանը եղաւ Սեւանայ լիճը: Լիճին եզերքը նախաճաշելէ ետք, անդամները կանչերով  բարձրացան Սեւանի վանք, ծանօթացան վանքի պատմութեան, վայելեցին  գեղեցիկ բնութիւնն ու Սեւանի արտացոլած կապոյտի սքանչելի երանգները:  Այնուհետեւ, «Միրաք»ականները ՌԱԿի եւ Միրաքի դրօշները բարձրացնելով միաձայն երգեցին ՌԱԿի քայլերգը: «Միրաք»ի միագոյն մեծ խումբը իր ոգեշունչ երգեցողոթեամբ գրաւեց անցնող զբօսաշրջիկներուն ուշադրութիւնն ու հետաքրքրութիւնը: Սակայն ամենամեծ անակնկալը անսպասելի զուգադիպութեամբ մը այնտեղ գտնուող Երուսաղէմէն ժամանած երկու ընկերներու հանդիպումը եղաւ, որոնք անսպասելի երեւոյթին առջեւ նախ զարմացած դիտեցին եւ ետքը միացան ՌԱԿի քայլերգի երգեցողութեան, այս անգամ՝ իրենք զարմանք պատճառելով «Միրաք»ականներուն: «Միրաք»ի վարչական անդամները մօտեցան եւ ծանօթացան Երուսաղէմի ընկերներուն՝ ընկ. Սեւան Փանոսեանին եւ ընկ. Շանթ Նալպանտեանին ու իրենց կարգին անոնց տեղեկացուցին «Միրաք» շարժումին մասին: Ընկ. Սեւան Փանոսեան ոգեւորուելով տարուած գործունէութենէն, տեղւոյն վրայ սրտաբուխ նուիրատուութիւն մը կատարեց «Միրաք»ին: Անսպասելի վայրի մէջ ռամկավար ընկերներու անակնկալ հանդիպումը երկուստեք հոգեպարար պահեր շնորհեց։

IMG-20161113-WA0086

 

IMG-20161113-WA0083Այնուհետեւ, շարունակելով  Հայաստանի տեսարժան վայրեր այցելութիւնը, «Միրաք»ի խումբը ուղեւորուեցաւ դալարագեղ Դիլիջան:

20161113_124501

Միրաքի անդամները այցելեցին  Դիլիջանի UWC միջազգային գոլէճը, ուր առիթը ունեցան շրջելու ուսումնական կեդրոնէն ներս եւ ծանօթանալու հոն մատուցուող կրթական ծրագիրներուն եւ աշակետներուն, որոնք անձամբ կը պատմէին իրենց գոլէճին մասին:  Աւարտին բարձր տրամադրութեամբ վայելելով անտառներու ու լեռներու հիասքանչ տեսարանները,  խումբի անդամները հասան Աղստեւ գետի ափին տեղակայուած «Հալէպ» ճաշարանը, ուր ընկերային մթնոլրտի մէջ անմոռանալի ժամանակ անցուցին: Ճաշէն ետք, նշուեցաւ «Միրաք»ի անդմաներէն Արայիկ Նիգալեանի եւ Էրիք Ասատրեանի ծննդեան տօնը, որմէ ետք բարձր տրամադրութեամբ եւ ապահով կերպովխումբը վերադարձաւ Երեւան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին