Շուշիի արուեստի կեդրոնին մէջ բացուած է Արմէն Ենգոյեանի հեղինակած «Առաջնագծում» լուսանկարչական ցուցահանդէսը` նուիրուած ՀՀ անկախութեան հռչակման 25րդ տարեդարձին, հովանաւորութեամբ «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամի եւ «Շուշիի թանգարաններ» ՊՈԱԿի: «Առաջնագծում» լուսանկարչական վաթսուն պատկերներու երկրորդ ցուցադրութիւնն է. առաջինը կայացած էր ս.թ.Սեպտեմբերին, Երեւանի Թէքէեան Կեդրոնի մէջ:
Շուշիի մէջ ցուցահանդէսի բացման ներկայ էին հայ առաքելական եկեղեցւոյ արցախեան թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանը, ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղապալեանը, Շուշիի եւ Քաշաթաղի շրջվարչակազմերու ղեկավարներ, արուեստասէրներ՝ Շուշիէն, Ստեփանակերտէն ու Բերձորէն, ինչպէս նաեւ ուսանողներ եւ զինուորականներ:
Ցուցահանդէսը, իր «Մեր ապագան յուսալի ձեռքերում է» կարգախօսով կ’անդրադառնայ ապրիլեան հերոսամարտերուն եւ իր մէջ կ’ամփոփէ հայ ժողովուրդի ապրելու եւ արարելու ցանկութիւնն ու ձգտումը: Հեղինակը սահմանագիծ մեկնած էր ո՛չ թէ լուսանկարելու նպատակով, այլ՝ որպէս երկրապահ, կամաւոր անդամագրուած է «Մերկելեան» ջոկատին: Հանդիպելով երիտասարդ հերոսներուն, ան անտարբեր չէ մնացած եւ փորձած է իւրովի մատուցել այդ օրերու փաստագրութիւնը, սահմանային կեանքը:
Նայելով առաջնագիծի վրայ կանգնած զինուորներու աչքերուն, կը մտածես, թէ ինչքան մեծ է հայ ժողովուրդի հաւատքը առ Աստուած եւ կը հասկնաս, թէ ի՛նչ հայրենասէր սերունդ դաստիարակուած է անկախութեան 25 տարիներու ընթացքին: Զինուորներու հայեացքներուն մէջ կը տեսնես բարութիւն, ապագայի նկատմամբ հաւատք ու յոյս: Աստուած պահապան հայ զինուորին ու մեր ժողովուրդին:
«Առաջնագծում» ցուցահանդէսը Շուշիի արուեստի կեդրոնէն ներս կը շարունակուի մինչեւ ս.թ. Նոյեմբեր 30: