Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

Հակառակորդը Կրկին Ականանետեր Ու ՀԱՆ-17 Տեսակի Նռնականետ Կիրառած է

Նոյեմբեր13ի լոյս 14ի գիշերը ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ հակառակորդը հրադադարը խախտած է աւելի քան 60 անգամ:

Արցախի պաշտպանութեան մամուլի ծառայութեան փոխանցմամբ` հակառակորդը նշուած ժամանակաշրջանին տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած է շուրջ 870 կրակոց:

Պաշտպանութեան բանակի հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական դիրքերուն վրայ ազրպէյճանական զինուժը կիրառած է 60 եւ 82 միլիմեթրնոց ականանետեր (3 արկ), իսկ հիւսիսային ուղղութեամբ` ՀԱՆ-17 տեսակի նռնականետ (2 արկ):

Արցախի Պն մամուլի ծառայութենէն կը յայտնեն, թէ ՊԲ յառաջապահ զօրամասերը լիակատար վերահսկողութիւն կը պահպանեն առաջնագիծին վրայ եւ կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին