Հինգշաբթի, 19. 09. 2024

spot_img

Մինչ Խաւար Գիշերը Կը Շարունակուի Մոլեգնիլ Էրտողան Դուք չէ՞ք Ամչնար Այսպիսի Երկրի Մը Նախագահ Ըլլալու

*ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ*

Ինչպէս 1909, 1915, 1922, 1970, 1980 ահաւոր թուականներուն, որոնք օսմանեան կայսրութեան եւ թրքական շինծու հանրապետութեան պատմութեան մէջ կը նշուին որպէս արիւնոտ տարեթիւեր, այսօր ալ նոյն վայրագ իրադարձութիւնները կը շարունակուին անթիւ անհամար ոճիրներու, կոտորածներու, ցեղասպանութեան, աքսորի, զանգուածային ձերբակալութիւններու, մահասփիւռ բանտերու երկրին մէջ, ո առանց խպնելու եւ ամչնալու կը ներկայանայ որպէս զբօսաշրջիկութեան, քաղաքակրթութիւններու երկիր, ինչպէս որ «քրտացած» հայ լրագրող մը տարիներ առաջ հարց տուաւ նոյնպէս թրքացած «հայ», Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլահ Կիւլին՝. «Դուք չէ՞ք ամչնար այսպիսի երկիր մը նախագահ ըլլալու…»: Իսկ հետաքրքրական է թէ որո՞նք պիտ ամչնային նոյնիսկ հարիւրամեայ վերջին շրջանի պատմութեան մէջ՝ իթթիհատական բորենինե՞րը, մանկապիղծ ու բնաջնջուած « փոքրամասնութիւններու ինչքերը յափշտակող, 1938թ.ի Տերսիմի փաստացի ցեղասպանութիւնը իրագործող Աթաթուրքը:

Աւելի քան 300,000 Թուրքիոյ քաղաքացի կախաղանները բարձրացուցած, խոշտանգումներու տակ տանջամահ ըրած քենաան Էվրէն արիւնախո՞ւմը, թէ Հրանդ Տինքը թիկունքէն սպանած, Թուրքիոյ հետախուզական վարչութիւններու վիժուածք Սամա՞տը: Կարծես թէ այս բոլորը չէին բաւեր, այս անգամ բաւական կասկածելի զինուորական «յեղաշրջում» եւ բազմահազար աշխատող եւ արարող, մտաւորական ու գիտնական մարդոց զանգուածային ձերբակալութիւնները, չյայտարարուած պատերազմ քիւրտերու, կրօնափոխ հայերու, տերսիմցիներու, զազաներու, որոնցմէ ծնունդ առած է «ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւն»ը, հայոց ջերմ բարեկամ, հերոս Կարօ Փայլանի պաշտպան եւ գործակից Սալահետտին Տեմիրթաշ:

Վերջին ժամանակներու նոր դահճապետ դարձած, ինքզինք խալիֆա ու սուլթան կարգած  Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան, որ քաղաքական հրապարակ իջաւ իբր թէ բարենորոգումներ եւ ժողովրդավարական հիմնական փոփոխութիւններ կատարելու եւ վերչ գտաւ ամէնէն յետադէմ, բռնապետական ցնորամիտ ծրագիրներով ու երազներով օրօրուող իշխանաւոր մը, որ իր երկիրը կը տանի դէպի անդունդ:

Մենք, հայերս, պէտք չէ լռենք այն ինչ որ տեղի կ’ունենայ այսօր, նաեւ մեծ մասամբ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ հողերուն վրայ, ուր նաեւ մինչեւ այսօր կ’ապրին մեր հազարաւոր «թաքնուած» թէ խիզախ քրիստոնեայ հայ ազգակիցները: Մենք ջայլամային քաղաքականութիւն վարող ազգ պէտք չէ ըլլանք, եթէ կը ցանկանք օր մը մեր արդար բաժինը ունենալ արդի Թուրքիոյ մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին