Հինգշաբթի, 17. 04. 2025

spot_img

«Լիբանանը Կը Կանչէ» Տէմիրճեան Հաստատութեան Հոյակապ Նախաձեռնութիւնը

*ՍԵՒԱԿ  ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Իր տեսակին մէջ եզակի նախաձեռնութիւն մը իր իմաստալից բովանդակութեամբ: DEMCO (Տէմիրճեան Հաստատութիւնը) հետաքրքրական ծանուցումով մը՝  «Lebanon Is Calling» հանդէս եկած է CNN նման կայանի մը վրայ:

Այս մասին երէկ ինծի յուշեց ընկեր Կարապետ Պապահէքեանը: Համացանցի վրայ գտայ զայն: Ըստ ինծի DEMCOի նշեալ ծանուցումը սոսկ առեւտրական ծանուցումէն անդին կ’անցնի:

Լիբանանեան իմաստով ազգային կարեւոր նշանակութիւն  ունի: Հայկական իմաստով՝  երախտագիտական խորունկ իմաստ:

Ծանուցումը կը ներկայացնէ Նիւ Եորքեան գրասենեակ մը, ուր ըստ երեւոյթին հոն հաստատուած ու գործող յաջողակ լիբանանցի մը, հեռաձայն կը ստանայ: Խօսողը Լիբանանն է…: Մնացեալը շատ զգացական խօսակցութիւն մըն է, որ տեղի կ’ունենայ արտերկիր ապրող լիբանանցիի մը եւ իր հայրենիքին միջեւ: Հայրենիքը զինք կը կանչէ ըսելով, որ ինք ապաքինած է այլեւս եւ կ’ուզէ գոյատեւել իր զաւակին հետ կողք կողքի…:

Ծանուցումը շատ լաւ ընտրուած ժամանակով սփռուած է: Ամերիկայի նախագահական ընտրութիւններու նախօրէին եւ անկէ օր մը վերջ, երբ անոր հետեւողներու թիւը չափանիշային էր…:

Շնորհակալ նախաձեռնութիւն մը Տէմիրճեան հաստատութեան կողմէ լիբանանցիին այլեւս տուն վերադարձնելու: Այս նախաձեռնութիւնը նաեւ երախտապարտ հայու արարք է լիբանանեան հայրենիքին նկատմամբ:

Կը մնայ մեր ձայնը միացնել DEMCO-ի սրտագին կոչին քաջալերելու իւրաքանչիւր լիբանանցիի անսալու հայրենիքի կանչին՝ վերադառնալու երկիր:

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին