Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

Ալիեւ Հայերուն Կոչ Ուղղեց Դասեր Քաղելու Ապրիլեան Զարգացումներէն

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հայերուն կոչ ուղղեց դասեր քաղելու ապրիլեան զարգացումներէն, այլապէս պիտի կրկնուին նմանօրինակ գործողութիւնները: Ֆիզուլիի սահմանային շփման գիծ այցելած ատեն Ատրպէյճանի նախագահը խօսեցաւ 1994ի Յունուարին շրջանին մէջ գտնուող 22 գիւղերու տիրապետութեան մասին, զայն որակելով պատմական գործողութիւն մը: «Պատմական յաղթանակ էր նաեւ ապրիլեան բախումը: Այդ ցոյց տուաւ, որ մենք երբեք պիտի չհանդուժենք հայկական բռնագրաւումը: Մենք պէտք է վերականգնենք Ատրպէյճանի տարածքայի ամբողջականութիւնը: Այս մեր պապերուն հողն է», պնդեց Ալիեւ: Անոր խօսքով, հայերը այսօր աղքատութեան մէջ կ’ապրին ատրպէյճանական գրաւեալ հողերուն վրայ: Նախագահին խօսքով, ատրպէյճանական բանակը կարողութիւն ունի կործանելու որեւէ թիրախ Արցախի մէջ: Ալիեւ նոյնիսկ կարծիք յայտնեց, որ ատրպէյճանական բանակը աշխարհի ուժեղագոյններու շարքին է:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին