Ըստ antique-sandthearts.com կայքին՝ «Թրինիթի» միջազգային աճուրդի հաստատութեան կազմակերպած մէկ վաճառքին ընթացքին, Մարտիրոս Սարեանի «Կակաչներ եւ Երիցուկներ» կտաւը )1959) վաճառուած է 67,375 տոլարով։
Այս կտաւը աճուրդին ամէնէն սուղ վաճառուած արուեստի գործը եղած է։
Սարեանի մէկ այլ գործը՝ «Աշունը Երեւանում» (1955), վաճառուած է 50,200 տոլարով։
Աճուրդին ծախուած են նաեւ Մինաս Աւետիսեանի «Տօթ Օր»ը (24,500 տոլար) եւ Յարութիւն Կալենցի «Ծաղիկներ եւ Միրգ Կապոյտ Սեղանին» (17,150 տոլար) կտաւները, կը հաղորդէ “Ասպարէզ”ը։
Այս աճուրդին գլխաւորաբար կը ներկայացուէին ծագումով հրեայ ամերիկացի նկարիչներու 1925էն 1950ականներու միջեւ արտադրած գործերը։