10 Նոյեմբեր 2016ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան այցելեցին Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի Ընդունելութեան բաժինի տնօրէն տիկին Արինա Զօհրապեան եւ Շարունակական կրթութեան բաժինի տնօրէն դոկտ. Սերգէյ Թանթուշեան:
ՀԱՄ-ի պատասխանատուները Ֆարաճեան սրահին մէջ հանդիպում ունեցան վարժարանի երկրորդական բաժինի աշակերտներուն հետ եւ ներկայացուցին համալսարանի կարգավիճակին, կրթական ծրագիրներուն, ընդունելութեան եւ այնտեղ ուսանելու պայմաններուն մասին սպառիչ տեղեկատուութիւն:
Մեսրոպեանի հիւրերը ապա տեսակցեցան տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստին հետ, որ շնորհակալութիւն յայտնեց աշակերտներու արեւելումին նպաստող այս այցելութեան համար եւ շեշտեց տեղեկատուութեան փոխանակման ընդլայնումին կարեւորութիւնը՝ Հայաստանի եւ լիբանանահայ կրթական կառոյցներուն միջեւ:
Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի