Վարչապետ Կարէն Կարապետեան, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած Եւրոպական միութեան անդամ պետութիւններու դեսպաններուն հետ հանդիպման ժամանակ նշեց, թէ յառաջիկային պիտի ստեղծուին հիմնադրամներ, որոնք պիտի համաֆինանսաւորեն աշխոյժ, նախաձեռնող, բաց դաշտի մէջ աշխատող առեւտուրին, որպէսզի անիկա վերարտադրուի եւ զարգանայ: Վարչապետը կարեւորեց եւրոպական միութեան հետ անկեղծ, բաց երկխօսութիւնն ու համագործակցութիւնը բոլոր ուղղութիւններով եւ աւելցուց, որ անհրաժեշտ կը համարէ փորձի փոխանակումն ու մեր երկրին մէջ եւրոպական մշակոյթի ներդրումը՝ առեւտուրի կառավարման, փտածութեան դէմ պայքարի, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ դատաիրաւական բարեփոխումներու առումով: Անդրադառնալով կառավարութեան գործունէութեան ծրագիրին՝ վարչապետը նշեց, որ գործադիր իշխանութեան հիմնական խնդիրն է առեւտուրի համար առաւելագոյն արդար, ազատ եւ հաւասար դաշտի ստեղծումն ու ներդրումային ծրագիրներու խթանումը: Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ դեսպան Պյոտր Սվիտալսկին շեշտեց, որ Եւրոպական Միութիւնը որպէս Հայաստանի բարեկամ, պատրաստ է օժանդակել երկրին՝ տնտեսութեան զարգացման, գործարար դաշտի, հարկային եւ մաքսային վարչարարութեան բարելաւման նպատակով: Ան նաեւ նշեց, որ տպաւորուած է կառավարութեան նախատեսած հարուստ միջոցառումներով եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց` այդ ուղղութեամբ սերտօրէն համագործակցելու: