Երեքշաբթի, 18. 03. 2025

spot_img

Թուրքիոյ Մէջ Հայ Ոսկերիչներու Ստեղծած Ապարանջանը Ամենապահանջուած Զարդն է

Թուրքիոյ Թոքաթ նահանգին մէջ 300 տարի առաջ հայ ոսկերիչներու ստեղծած ապարանջանը, որ յետագային Թոքաթի ապարանջան անունով սկսած է տարածուիլ ամբողջ արեւելքի մէջ, կը շարունակէ Թուրքիոյ մէջ ամենապահանջուած ու յարգի ոսկէ զարդը մնալ, կը գրէ NEWS.amը:

Թրքական Sozcu պարբերականի փոխանցմամբ` Թուրքիոյ Թոքաթ նահանգի ոսկերիչներու միութեան նախագահ Եաշար Կենճայը նշած է, որ դեռ 300 տարի առաջ Թոքաթի մէջ հայ ոսկերիչները ստեղծեցին ապարանջանի տեսակ մը, որ շատ արագ մեծ համբաւ բերաւ ու Թոքաթի ապարանջան անունը ստացաւ:

Եաշար Կենճայը շեշտած է, թէ ամբողջ Թուրքիոյ մէջ Թոքաթի ապարանջանը ամենապահանջուած ու յարգի զարդերէն է, սակայն ԱՄՆ նախագահի ընտրութեան պատճառով թրքական լիրայի արժէզրկման պատճառով ժողովուրդին մօտ ֆինանսական խնդիրներ յառաջացած են: Ան յոյս յայտնած է, որ յառաջիկայ օրերուն ամէն ինչ իր տեղը կը գտնէ եւ Թոքաթի ապարանջանը կը վաճառուի ինչպէս առաջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին