Հինգշաբթի, 19. 09. 2024

spot_img

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հանդիպած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Հայ Համայնքին Հետ

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ պաշտօնական այցի ծիրէն ներս այցելեց Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց հայկական եկեղեցին, եկեղեցւոյ կից գործող «Արա Խանոյեան» կիրակնօրեայ վարժարանը, շէյխ Զայէտ Մեծ մզկիթն ու ԱՄԷի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը:

Ապու Տապիի մէջ հայկական եկեղեցւոյ կառուցման համար 2006 թուականին հողատարածք նուիրաբերած է Ապու Տապիի թագաժառանգ շէյխ Մուհամմադ պըն Զայէտ ալ Նահեանը: Նորակառոյց եկեղեցին օծուած է 2014ի Դեկտեմբեր 12ին, նոյն օրը հիմնադրուած է նաեւ Ապու Տապիի Ազգային առաջնորդարանը: 2016ի Մայիսէն եկեղեցւոյ կից կը գործէ «Արա Խանոյեան» կիրակնօրեայ վարժարանը, ուր այժմ կը յաճախէ 36 աշակերտ: Եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրուած է Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին նուիրուած խաչքար: Նախագահ Սերժ Սարգսեան Սրբոց Նահատակաց եկեղեցի այցի ժամանակ ծաղիկներ դրած է խաչքարին եւ յարգանքի տուրք մատուցած՝ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած գոհաբանական աղօթքէն ետք, Հանրապետութեան նախագահը ունեցած է ելոյթ, ուր անդրադարձած է եկեղեցւոյ նշանակութեան մեր ժողովուրդի ինքնութեան պահպանման ու յարատեւութեան գործին մէջ: Նախագահը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու իշխող ընտանիքին` ի դէմս Ապու Տապիի թագաժառանգ շէյխ Մուհամմադ պըն Զայէտ ալ Նահեանի, որ հնարաւոր դարձուց հայկական Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ շինարարութիւնը: Սերժ Սարգսեան ընդգծած է, որ Արաբական աշխարհի սիրտին մէջ կանգնեցուած այս եկեղեցին, միջկրօնական հանդուրժողականութեան եւ փոխադարձ յարգանքի ու համակրանքի խօսուն վկան է, որ բարեբեր հող կը ստեղծէ նաեւ տարբեր կրօններու ներկայացուցիչներու խաղաղ համակեցութեան համար: Ազգային առաջնորդարանին մէջ հանրապետութեան նախագահը կարճատեւ հանդիպում մը ունեցած է համայնքային եւ եկեղեցական գործիչներուն հետ:

ԱՄԷ հիմնադիր նախագահ շէյխ Զայէտի անուան Մեծ մզկիթ այցելութեան ժամանակ ՀՀ նախագահը մզկիթին մէջ գտնուող դամբարանին յարգանքի տուրք մատուցած է շէյխ Զայէտ պըն Սուլթան ալ Նահեանի յիշատակին եւ գրառում կատարած Պատուաւոր հիւրերու գիրքին մէջ, որմէ ետք տեղի ունեցած է նուէրներու փոխանակման արարողութիւն:

«Անգնահատելի է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնների հիմնադիր Նախագահ շէյխ Զայէտ պըն Սուլթան ալ Նահեանի դերն այս հիասքանչ երկրի կայացման ու բարգաւաճման գործում:

«Նրա կառավարման օրօք հիմք դրուեց հայ-էմիրաթական միջպետական բարձր մակարդակի համագործակցութեանը, որի համար յայտնում եմ հայ ժողովրդի եւ անձամբ իմ երախտագիտութիւնը»,- գրած է նախագահ Սարգսեան:

ԱՄԷ պաշտօնական այցի առաջին օրուան աւարտին հանրապետութեան նախագահը Ապու Տապիի մէջ հանդիպում մը ունեցած է տեղի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:

Նախագահը Էմիրաթներու մեր հայրենակիցներուն ներկայացուցած է իր պաշտօնական այցի առաջին օրը ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները, անդրադարձած` հայ-էմիրաթական միջպետական բարեկամական յարաբերութիւններու ներկայ վիճակին եւ պատմական խոր արմատներ ունեցող այդ յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարին, Հայաստան-Սփիւռք կապերու առաւել ամրապնդման, համահայկական խնդիրներու լուծման եւ հայրենիքի հզօրացման նպատակով հայոց ներուժի համախմբման կարեւորութեան:

Հանդիպման ընթացքին հանրապետութեան նախագահը համայնքային շարք մը գործիչներ պարգեւատրած է պետական բարձր պարգեւներով: Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ զարգացման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդի, երկարամեայ հայրենանուէր գործունէութեան համար Հրայր Սողոմոնեանը, Արա Խանոյեանը եւ Յարութիւն Օհանէսեանը պարգեւատրած է «Մովսէս Խորենացի» մետալով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին