Երեքշաբթի, 14. 01. 2025

spot_img

«Յոյս Ունինք, Որ Արցախի Բանակը Մեր Կարիքը Չի Զգար…» Հարցազրոյց՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Արցախեան Կառոյցի Ներկայացուցիչ Բարդող Գալստեանի Հետ, Արցախի Մէջ Կուսակցութեան Ձեւաւորման Եւ Գործունէութեան Մասին

Հարցազրոյցը վարեց՝ ՏԱԹԵՒ ԴԱՒԹԵԱՆ

Բարդող Գալստեան ուսանած է Հայաստանի Ազգային Ակրարային (Երկրագործական) Համալսարանի սնունդի վերամշակման արհեստագիտութեան բաժանմունքին մէջ:

2005 թուականին աւարտած է համալսարանը, շարունակելով կրթութիւնը 2016 թուականին պաշպանած է Դոկտորական թեկանածուական թէզը` ունի գիտութուններու թեկանածուի գիտական կոչում: Կ’աշխատի Արցախի ազգային ակրարային համալարանին մէջ, կը զբաղի  գիւղատնտեսութեամբ:

Երկար տարիներ ուսումնասիրած է հայկական կուսակցութիւնները եւ արդէն շուրջ երկու տարի է Արցախի մէջ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ներկայացուցիչն է եւ փոխ անդամը աշխարհասփիւռ ՌԱԿի Կեդրոնական Վարչութեան:

 

Ե ՞րբ  Արցախի մէջ սկսած է Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան քաղաքական գործունէութիւնը:

Արցախի մէջ մեր կուսակցական քաղաքական գործունէութիւնը սկսած է մօտաւորապէս երկու տարի առաջ` 2015թ. սկիզբը: Խումբ մը ընկերներ ուսումնասիրելով ու ծանօթանալով Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան գործունէութեան, կուսակցական գաղափարներուն, հայ ժողովուրդի եւ Սփիւռքի  համար կատարած մեծ աշխատանքին , որոշեցինք նաեւ Արցախի մէջ ձեւաւորել կուսակցական կառոյց: Մեզի համար զարմանալի էր, որ  25 տարի անկախ պետութիւն ունենալով եւ աշխարհի  շարք մը երկիրներու մէջ կուսակցական կառոյցներ ունենալով հանդերձ, Արցախի մէջ  չունէինք Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնը եւ ներգրաւուած էինք ոչ քաղաքական ոչ հասարակական գործունէութեան մէջ: Անմիջապէս կապուելով սկսանք համագործակցիլ  ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան մեր ընկերներուն հետ, որոնք շատ տպաւորուեցան մեր որոշմամբ եւ անմիջապէս ողջունելով ծրագիրը աջակցեցան մեզի:

14258267_1458979710795562_2052004232911914177_o

Նախնական շրջանին ձեւաւորուեցաւ հիմնադիր խորհուրդը, ուր սկսան անդամագրուիլ նախնական կուսակցականները, որոնք յետոյ պէտք է դառնային անդամատոմս ունեցող կուսակցականներ: Սկիզբը յայտարարութիւն տարածեցինք պետական լրատուամիջոցներով ` Արցախի մէջ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ձեւաւորման  պաշտօնական գրանցման մասին, որմէ յետոյ ըստ օրէնքի, ձեւաւորուեցաւ մեր կուսակցութիւնը հիմնադիր խորհրդաժողովով մը եւ այսօր արդէն երկու տարիէ Արցախի մէջ կը գործէ ՌԱԿի արցախեան կառոյցը :

Քա ՞Նի Անդամ Ունի Կուսակցութիւնը  Արցախի Մէջ:

14681879_10211394257598958_8776802109556278780_n

Ձեւաւորման սկզբնական շրջանին, կուսակցութիւնը  ունէր մօտ 114 կուսակցական անդամներ: Այսօր արդէն պաշտօնապէս գրանցուած կուսակցութեան քաղաքական դաշտին մէջ անդամակցողներուն թիւը 230էն աւելի է (որ Արցախի ընդհանուր բնակչութեան թիւին հետ համեմատած լաւ թիւ է երկու տարեկան կառոյցի մը համար), որոնք կը յարին կուսակցութեան գաղափարախօսութեան եւ պատրաստ են ապագայ քաղաքական գործընթացներու ժամանակ իրենց աշխուժ մասնակցութիւնը ունենալու: Յոյս ունինք, որ շուտով կը կարողանանք բաղձալի արդիւնքներու հասնիլ քաղաքակական առումով:

14633671_1500683089958557_4465967897891995699_o

Արցախի մէջ ունի ՞ք Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը ներկայացնող լրատուամիջոց:

Կուսակցական լրատուամիջոց դեռ չունինք: Այս պահին մեր գործունէութեան փուլերու, հանդիպումներու, միջոցառումներու մասին տեղեկութիւնները կը զետեղենք ֆէյսպուք  (Facebook)  մեր պաշտoնական էջին մէջ : Մօտակայ ժամանակաշրջանին կը պատրաստուինք ունենալ պաշտօնական կայքէջ: Անշուշտ եւ բնականաբար մեր լուրերը ծաւալուն կերպով կը տարածուին ՌԱԿի սփիւռքի պաշտօնաթերթերուն միջոցաւ ինչպէս «ՌԱԿ Մամուլ», «Զարթօնք», «Նոր Օր», »Սարդարապատ», «Հայ Կեանք», եւայլն:

Ի ՞նչ  ըրած է կուսակացութեան արցախեան կառոյցը քառօրեայ պատերազմի օրերուն :

14856156_1500683293291870_6367632359306760303_o

Այդ օրերուն մեծ աշխուժութեամբ  մեր կուսակացական ընկերները աջակցութիւն ցուցաբերեցին բանակին, բայց դժբախտաբար ոչ որպէս կուսակցական ջոկատ, որ այդ ժամանակ այնքան ալ կարեւոր չէր: Պէտք էր ուղղակի միասնական ուժով մէկ դրօշի տակ կանգնիլ բանակի կողքին՝ մեր սահմանները անսասան պահելու համար: Յոյս ունինք, որ մօտ ապագային կը ձեւաւորուի մեր կուսակցական ջոկատը, որ անհրաժեշտութեան պարագային, կը կանգնի մեր բանակի կողքին եւ բարձր կը պահէ Արցախի ու մեր կուսակցութեան անունը:

Իսկ պատերազմական իրավիճակներէն դուրս` խաղաղ պայմաններու մէջ ի ՞նչ գործունէութիւն կը ծաւալէ կուսակցութիւնը Արցախի բանակին համար:

Մենք կը նկատենք , որ բանակի գործունէութեան մասնակցիլ կամ միջամուխ ըլլալ պէտք չէ, որովհետեւ մեր բանակը իսկապէս կրնայ իր վրայ դրուած պարտականութիւնները լաւ կատարել, իսկ եթէ որեւէ ժամանակ անհրաժեշտութիւն ըլլայ մենք պատրաստ ենք մեր բանակին եւ զինուորներուն կողքին կանգնիլ եւ աջակցիլ, բայց այս պահուն իմաստ չկայ խառնուելու բանակի գործունէութեան: Ժամանակ առ ժամանակ կ’այցելենք  սահման,  կը շփուինք մեր զինուորներուն հետ, կ’ոգեւորենք զիրենք: Վերջին այցելութիւնը մօտ մէկ ամիս առաջ էր : Յոյս ունիմ, որ այնպիսի իրավիճակ չ’ըլլար, որ բանակը մեր կարիքը զգայ` այսինքն ունենանք իրական խաղաղութիւն , որպէսզի մեր տղաքը անփորձանք ծառայեն եւ վերադառնան իրենց ընտանիքներուն քով:

14409481_1470420379651495_66162626615071211_o

Կը տանինք քաղաքական գործունէութիւն նաեւ հասարակութեան եւ նորագիրներու մօտ տարածելով մեր գաղափարախօսութիւնը: Ունինք նաեւ մշակութային թեւ Թէքէեանի անունով, որուն միջոցաւ կը տանինք մշակութային գործունէութիւն Արցախի տարածքին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին