Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

Ընտրութեանց Չմասնակցողը Իրաւունք Չունի խօսելու

*ՍԵՒԱԿ  ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Քաղաքական անտարբերութիւնը մարդկային ամենագէշ յատկանիշերէն է, որ հասարակութիւն մը անկումի կ’առաջնորդէ:

Բացատրեմ, թէ ինչպէս, սիրելի» ընթերցող:

Ասացուածք մը կայ, որ կ’ըսէ թէ գէշ ղեկավարները կ՛ընտրուին այն լաւ մարդոց կողմէ, որոնք ընտրութիւններու չեն մասնակցիր: Որքա՜ն ճիշդ է ըսուածը:

Ինչպէս աշխարհի մէջ ամէն ընտրութիւններու պարագային, դժբախտաբար, «մեծագոյն ընտրողները» կը հանդիսանան տուեալ ընտրութեան  չմասնակցողները: Եւ եթէ այսօր հետեւինք թիւերուն պիտի տեսնենք, որ ըլլայ վերջերս ԱՄՆ պարագային, թէ այլուր՝ մեծ թիւ կը կազմեն ընտրութիւններու չմասնակցող քաղաքացիները, որոնք միշտ կրնան շա՜տ բան փոխել եթէ իրենց կեցուածքը ընտրութեամբ արտայայտեն:

Հետաքրքրականն ալ այն է, որ թէ» ընտրութիւններէն առաջ եւ թէ» վերջ, մեծագոյն դժգոհողները զարմանալիօրէն ընտրութեանց չմասնակցողները կ’ըլլան:

Հազարամեակներ պատմութիւն ունեցող ժողովրդավարութիւնը տակաւին ահագին գործ ունի կատարելիք այս ուղղութեամբ դաստիարակելու մարդկութիւնը:

Ե՞րբ պիտի գայ քաղաքական հասունութեան այդ օրը եւ մարդիկ պիտի հասկնան, որ իրենց անաչառ եւ պատասխանատու քուէն է, որ բան կը փոխէ եւ ոչ թէ յաւիտենական գանգատը…:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին