Հինգշաբթի, 19. 09. 2024

spot_img

Տաթեւի Ճօճուող Սիւնին Առեղծուածը

Ճօճուող յուշասիւնը, որ յայտնի է նաեւ Գաւազան անուամբ, միջնադարեան ճարտարապետական եզակի կառոյց է:  Այն կառուցուած է 904 թուականին Տաթեւի վանական համալիրի բակին մէջ: Ութ մեթր բարձրութեամբ ութանկիւն այս սիւնին գագաթը պսակուած է խաչքարով եւ նուիրուած է Սուրբ Երրորդութեան: Անիկա կառուցուած է լծակի վրայ հիմնուած յատուկ արհեստագիտութեամբ, որ թոյլ կու տայ սիւնը ճօճուի երկրաշարժներու ցնցումներու եւ, նոյնիսկ, պարզապէս ձեռքով անոր դիպչելու ժամանակ եւ այնուհետեւ կրկին վերադառնայ իր սկզբնական դիրքին:

Կ’ըսուի, որ սիւնը նախագծուած է այնպէս, որ ճօճուելու միջոցով ծառայէ որպէս տագնապի նախազգուշացման համակարգ` վանականները զգուշացնելով ոչ միայն երկրաշարժերու, այլեւ զաւթիչ բանակներու մօտեցման վտանգին մասին:

Կան շատ հետաքրքրաշարժ վարկածներ ճօճուող յուշասիւնի կառուցման նպատակին մասին, սակայն փաստը այն է, որ անիկա իսկական ճարտարագիտական հրաշալիք է, որ կը վկայէ Տաթեւի վանքի նորարութեան եւ գիտական հարուստ աւանդոյթներու մասին:

Գիրքը հասցէագրուած է ո՛չ միայն մեծահասակներուն, նաեւ պատանիներուն եւ մանուկներուն։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին