Հինգշաբթի, 19. 09. 2024

spot_img

«Փի՞ղը» Թէ «Էշը»

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Այսօր արդէն յայտնի կը դառնայ, թէ ԱՄՆ ընտրութիւններուն Փի՞ղը (Հանրապետականներու խորհրդանիշ) թէ Էշը (Դեմոկրատներու խորհրդանիշ) շահած է նախագահական ընտրութիւնները: Թրա՞մբը թէ Քլինթընը կը դառնան աշխարհի վրայ ամենազդեցիկ պետութեան նախագահը:

Մինչեւ մեր թերթին մամուլին յանձնուիլը՝ երէկ գիշեր տակաւին արդիւնքները յայտնի չէին անշուշտ, բացի կանխատեսուսմներէ, որոնց թիւերը շա՜տ մօտ էին: Միակ յստակ երեւոյթը այն էր, որ երկու թեկնածուներն ալ ոգի ի բռին աշխատեցան ընտրողներու թիւը առաւելագոյնի բարձրացնել՝ իրենց շահելու հաւանականութիւնը շատցնելու համար, մինչ ամերիկացի ընտրողներուն հասարակ յայտատարը երկուքին հանդէպ վստահութիւն չունենալն է, իսկ ընտրելու պարագային անոր չափանիշը եղած պիտի ըլլայ մէկուն կամ միւսին աւելի ատելը…:

Ի՞նչ կը մնայ ըսելիք բացի զարմանք յայտնելէ, որ ամէնէն ուշագրաւ երեւոյթը՝ այս եզակի ընտրութիւններուն այն է, որ ամերիկացի ժողովուրդը ինչպէ՞ս ինքզինքին արտօնեց, որ նման թեկնածուներ այս փուլին հասնին: Բարքերու եւ արժէքներու անկո՞ւմ:

Այս երեւոյթը միայն ամերիկեա՞ն է, սիրելի ընթերցող, թէ համաշխարհային:

Աստուած վերջը բարին բերէ:

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին