Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ տիկին Ռիթա Սարգսեան, երէկ, ներկայ գտնուած են ՀՀ ԱՆ «Փրոֆ. Ռ.Եոլեանի անուան արիւնաբանական կեդրոն»-ի բացման արարողութեան:
Հանրապետութեան առաջատար բժշկական հաստատութիւններու ղեկավարներու եւ ոլորտի այլ մասնագէտներու, Երեւանի քաղաքապետին, Առողջապահութեան նախարարին, ՀԲ երեւանեան գրասենեակի ղեկավարին ու շարք մը այլ հիւրերու ուղեկցութեամբ ՀՀ նախագահը եւ տիկին Ռիտա Սարգսեանը շրջայց կատարած են Հայաստանի մէջ արեան հիւանդութիւններու ախտորոշմամբ եւ բուժմամբ զբաղուող ոլորտի միակ մասնագիտացուած առաջատար բժշկական հաստատութեան մէջ, ծանօթացած իրականացուած աշխատանքներուն, որակեալ առողջապահական ծառայութիւններու մատուցման նպատակով ստեղծուած պայմաններուն եւ կեդրոնի ընթացիկ գործունէութեան ու յետագայ ծրագիրներու շուրջ զրուցած հաստատութեան տնօրինութեան եւ բուժանձնակազմին հետ: Այս մասին կը յայտնեն նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն:
Կեդրոնի պատասխանատուները ներկայացուցած են, որ արդիականացուած Արիւնաբանական կեդրոնի կառոյցին մէջ ստեղծուած են տարածաշրջանային նշանակութեան ոսկրածուծի փոխպատուաստման բաժանմունք եւ ցօղունային բջիջներու տարրալուծարան: Հաշուի առնելով կեդրոնի բացառիկ նշանակութիւնը յատկապէս երեխաներու արեան քաղցկեղի բուժման համար` ծրագիրը իրագործուած է «Նուիրիր կեանք» բարեգործական հիմնադրամին եւ անոր հոգաբարձուներու խորհուրդի պատուաւոր նախագահ տիկին Ռիթա Սարգսեանի յանձնառութեան ու ներդրած ջանքերուն շնորհիւ: Հիմնանորոգուած է կեդրոնի եօթյարկանի մասնաշէնքը, կառուցուած է նոր եռայարկ մասնաշէնք: Արդիականացման աշխատանքները իրականացուած են ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ` ՀՀ կառավարութեան եւ Համաշխարհային դրամատան ֆինանսաւորմամբ:
Նորաբաց բժշկական կեդրոնը հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ մատուցելու ժամանակակից, որակեալ եւ հասանելի բժշկական ծառայութիւններ: Հաստատութիւնը յագեցուած է անհրաժեշտ ժամանակակից բժշկական սարքաւորումներով, որոնց զգալի մասը բացառիկ են իրենց նշանակութեամբ եւ միակն են Հանրապետութեան մէջ:
Ներդրուած ինքնաշխատ համակարգերու շնորհիւ զգալիօրէն պիտի ընդլայնուի կեդրոնի կողմէ մատուցուող ծառայութիւններու շրջանակը: Մրցունակ գնային քաղաքականութեան իրականացման պայմաններուն մէջ կեդրոնի բարձրակարգ ծառայութիւններէն կրնան օգտուիլ նաեւ արտերկրէն ժամանած հիւանդները: