Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

ՀՀ Մշտական Բնակչութեան Թիւը Նուազած է 10 100ով

2016ի Հոկտեմբեր 1ի վիճակագրութեան համաձայն, ՀՀ մշտական բնակչութեան թիւը կազմած է 2 993 900 մարդ. ցուցանիշը նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ, նուազած է 10 100ով: Այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութեան մարդահամարի եւ ժողովրդագրութեան բաժինի պետ Կարինէ Գոյումճեանը:

Ան տեղեկացուցած է նաեւ, որ այս տարուան 10 ամիսներու ընթացքին սահմանային արձանագրութիւններու թիւը կազմած է 4 238 400, որմէ մուտքերուն թիւը եղած է 2 075 877, իսկ ելքերը` 2 162 523. այսինքն` ելքերը գերազանցած են մուտքերը:

«Քաղաքային եւ գիւղական մշտական բնակչութեան թիւը նոյնպէս փոխուել է, ընդ որում` քաղաքային բնակչութեան թիւը նուազել է 6300ով, իսկ գիւղականինը` 3800ով: Ինչ կը վերաբերի բնակչութեան աճին, ապա ան կը կազմէ 9400 մարդ»,- ըսած է Գոյումճեանը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին