Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

ԼՂ Հանրապետութեան Վարչապետ «Լրագրողներու Հայր» Լեոնարտ Պետրոսեանին Հետ (1996-1999թթ.)

*ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ*

Պարթեւահասակ, բարի ժպիտով, միշտ օգնելու պատրաստ, բնածին ղեկավար: Ինչպէս ակնարկեց Արցախի վաստակաշատ լրագրապետ Միքայէլ Հաճեան, (որուն հերոս որդին նահատակուեցաւ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին…) Միքայէլ Հաճեան՝ Լեոնարտ Պետրոսեան ծնած է ղեկավարի զգեստներու մէջ, անընդհատ պատասխանատու պաշտօններ զբաղեցնելով:

Մեր առաջին հանդիպումը վարչապետարանին մէջ էր, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ: Ինչպէս բոլոր արցախցիները, ան մասնայատուկ սէր ունէր սփիւռքահայերուն՝ նամանաւանդ Պէյրութի իր հայրենակիցներուն հանդէպ, որոնք արցախեան շարժման առաջին իսկ օրէն կանգնեցան ազատատենչ լեռնաշխարհի կողքին: Լեոնարտ Պետրոսեանին հետ առաջին հարցազրոյցս այդ օրերուն տպագրուեցաւ լիբանանեան հայ մամուլին մէջ եւ իւրայատուկ հրճուանք պատճառեց իրեն: Իր օգնականներ՝ Արմէնն ու Գարեգինը, ցուցմունք ստացան՝ օժանդակելու եւ լուծելու համար մեր ու ընդհանրապէս Արցախ այցելող պատուիրակութիւններու կեցութեան եւ գործնական հարցերը, որպէսզի վերջիններս շատ լաւ տպաւորութեամբ վերադառնալով իրենց երկիրները, իրենց կարգին հրաւիրեն հայրենակարօտ ազգակիցներ՝ գալու եւ տեսնելու համար մայր Հայաստանի ազատագրուած այս հատուածը:

1998ին Արցախեան շարժման 10ամեակի տօնակատարութիւններուն (որուն մասնակցեցաւ ՍԴՀ կուսակցութեան պատուիրակութիւնը, Սփիւռքէն եւ մայր  հայրենիքէն անձինք), երեւան եկաւ վարչապետ Լիոնարտ Պետրոսեանի կազմակերպչական փայլուն տաղանդը: Ռուսիայէն եւ Խ. Միութեան նախկին հանրապետութիւններէն, Հաաստանէն եւ Սփիւռքէն բազմահազար մասնակիցներ, միաբերան եւ միահամուռ ուժերով հզօրացած հայ ժողովուրդ, ռուսական քաղաքական ու ռազմական ղեկավարութեան ընտրանին, գլխաւորութեամբ նահատակ Ալեքսանդր Լեպէտի (Պաքուի հայերու փրկիչը) մասնակցեցան այս եզակի պատմական իրադարձութեան:

Այս բոլորին մէջ, նոյնինքն վարչապետ Լիոնարտ Պետրոսեանի կարգադրութեամբ, լրագրողներու եւ հեռատեսիլային աշխատողներու տեղափոխման համար տրամադրուած էին հանրակառքեր եւ ուղղաթիռներ…: Վարչապետարանի դահլիճին մէջ լրագրողներու պատուիրակութիւնը ընդունեց եւ հարցազրոյց տուաւ Լիոնարտ Պետրոսեան. պաշտօնական հրաժեշտի եւ բարի գալուստի ճաշկերոյթներով ալ պատուելով «4րդ ուժ»ի ներկայացուցիչներուն:

Դժբախտաբար, սակայն, Արցախի մէջ տեղի ունեցած տարաձայնութիւններու եւ վէճերու պատճառով, «Հայաստան» հիմնադրամի հանգանակուած գումարներու հարցով, ԼՂՀ վարչապետը վշտացած լքեց Ստեփանակերտը, աշխատանքի անցնելով ՀՀ կառավարութեան մէջ: Այդ Մեծ հայուն վերջին անգամ կը հանդիպիմ 1999ի Սեպտեմբեր 21ի զօրահանդէսին, ուր կը պայմանաւորուինք հանդիպիլ կառավարութեան շէնքին մէջ կաթողիկոսական ընտրութիւններէն յետոյ:

Աւա՜ղ, այդ հանդիպումը երբեք պիտի չկայանայ, քանզի Հոկտեմբեր 27ին, Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ, դէպի յաւերժութեան անցաւ ԼՂՀ վարչապետ Լեոնարտ Պետրոսեան, որ հոգին աւանդեց իժածնունդ Նայիրի Յունանեանի եւ իր ոճրագործներու արձակուած հայասպան գնդակներէն…

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին