Շաբաթ, 18. 01. 2025

spot_img

Արցախի Մէջ Սուրիահայ Ընտանիքի Մը Բնակարան Կառուցելու Նախաձեռնութիւն

Թանկոզիի յիշատակի հիմնադրամին եւ բարեսիրական «Փարոս» հիմնարկին միացեալ ջանքերով, Արցախի Քաշաթաղ շրջանի Իշխանաձոր գիւղին մէջ աշխատանք մը սկսած է Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով գաղթական դարձած սուրիահայ ընտանիքի մը համար բնակարան ապահովելու նպատակով, կը յայտնէ “Ասպարէզ”-ը։

«Հայաստան եւ Արցախ հսկայ կարելիութիւններ ունին օժանդակելու հայրենիք հաստատուիլ փափաքող սուրիահայերուն։ Մեր այս ծրագիրով, Արցախի մէջ մնայուն բնակարան մը ստացող ընտանիքը իր ապագայ կեանքը կերտելու ջանքերը պիտի կարենայ հաստատ հիմքերու վրայ դնել», – կը յայտնէ «Մարք Թանկոզի» հիմնադրամէն Եսթէր Թանկոզի։

Ներկայիս, աւելի քան երկվեցեակ սուրիահայ ընտանիքներ, ոչ-մնայուն բնակարաններու մէջ կ’ապրին Իշխանաձոր գիւղին մը, ուր քանդուած շարք մը բնակարաններ վերակառուցելու աշխատանք կը կատարուի այդ ընտանիքներուն մնայուն ապաստան մը ապահովելու նպատակով։

6

Նշեալ ծրագիրին կողքին, «Մարք Թանկոզի» հիմնադրամը օժանդակութիւններ տրամադրած է Արցախի քառօրեայ պատերազմին ընթացքին նահատակուած զինուորներու ընտանիքներուն. անիկա նաեւ Երեւանի Շէնգաւիթ շրջանին մէջ ատամնաբուժական ձրի սպասարկութիւններ կը տրամադրէ անկար կամ կարօտեալ երեխաներու՝ «Աբէլեան» ատամնաբուժական դարմանատան միջոցաւ, շարք մը այլ բարեսիրական գործերու կողքին։

Մարք Թանկոզիի յիշատակի հիմնադրամին աջակցելու համար, այցելել parosfoundation.org/marc-tognozzi-fund կայքէջը, իսկ «Փարոս» հիմնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել կազմակերպութեան համացանցային կայքը՝ www.parosfoundation.org հասցէով, կամ դիմել (310) 400-9061 թիւին։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին