ՀԲԸՄի Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի հիմնական նպատակներէն մէկը եղած է տարբեր յայտագիրներով, ձեռնարկներով եւ դասախօսութիւններով աշակերտներուն առողջ ապրելակերպի ծանօթացնելն ու վարժեցնելը:
Առողջ ապրելակերպը կը սկսի ճիշդ սնունդ ստանալով: Սնունդը անհրաժեշտ է մարմինիաճին ու զարգացման եւ այդ պատճառով ալ մեր սնունդը պէտք է ըլլայ առողջարար:
Նոյն նպատակով, վարժարանիս տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ, ընթացք առաւ առողջ սննդականոնի նուիրուած դասախօսութիւններու շարք մը, առաջնորդութեամբ՝ սննդագիտութեան մասնագէտ Օրդ. Հուրի Պապահէքեանի:
Առաջին դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 6 Հոկտեմբերին։ Օրիորդ Հուրին նախ աշակերտներուն ծանօթացուց սնունդի հինգ խումբերուն, ինչպէս՝ բանջարեղէն, հացահատիկ, իւղ- մսեղէն, կաթնամթերք, պտուղ… եւ բացատրեց մեր մարմինին համար իւրաքանչիւր խումբի օգտակարութեան ու կարեւորութեան մասին : Յարգելի դասախօսուհին շեշտեց, թէ առողջ սննդականոնի համար անհրաժեշտ է այս հինգ խումբերէն սնունդ ստանալ:
Մեր երկրորդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 13 Հոկտեմբերին, սննդագիտուհին աշակերտներուն դարձեալ բացատրեց եւ յիշեցուց սնունդի հինգ խումբերու օգտակարութիւնն ու անոնց շահաւէտ օգագործումը, ապա շեշտեց նախաճաշի կարեւորութիւնը. այնուհետեւ աշակերտները խումբերու բաժնելով, իւրաքանչիւր խումբէն երկուքական աշակերտ հրաւիրեց եւ անոնցմէ խնդրեց իրենց առջեւ գտնուող խաւաքարտերէն զատել նախաճաշի յարմար ուտելիքներ:
Աշակերտները ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ օգտակար գիտելիքներ սորվեցան եւ խոստացան գործադրել զանոնք ու ուտել սննդարար ուտելիքներ՝ առողջ եւ ուժեղ անձեր ըլլալու համար: