Չորեքշաբթի, 15. 01. 2025

spot_img

Հիւրընկալութեան Դասընթացք՝ Ընկ. Յարութ Պաղտասարեանի Հետ

Ընդառաջելով «Միրաք»ի անդամներու առաջարկին, ՌԱԿի «Միրաք» պատանեկան-ուսանողական շարժման վարչութիւնը, Կիրակի 6 Նոյեմբեր, 2016ի կիրակնօրեայ հաւաքին՝ իր յարկին տակ հիւրընկալեց  Հալէպի ԹՄՄի անդամներէն դասախօս Ընկ. Յարութ Պաղտասրաեանը,  անդամներուն ներկայացնելու հիւրընկալութեան (հոսփիթալըթի) ոլորտի վերաբերեալ դասախօսութիւն-մարզում մը:

14938069_1339999832685389_1538553127_n

Ընկ. Յարութ Պաղտասարեան  այս առումով, «Միրաք»ականներուն օգտաշատ տեղեկութիւններ փոխանցեց հիւրընկալութեան ոլորտի մէջ՝ վաճառքի, յաճախորդի հետ աշխատելու, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջիկային ուղեկցորդներու եւ հիւրատուներու ղեկավարման ու հիւրընկալութեան հիմունքներուն մասին։ Անոնց ծաօթացուց Հայաստանի մէջ վերջին շրջանին յատուկ ուշադրութեան արժանացող՝սպասարկման եւ կառավարման ոլորտներու մէջ հմտութիւններու զարգացման նորամուծութիւններուն:

14971807_10154360192518153_777810242_n

Ընկ. Յարութի անձնական փորձը նշեալ ոլորտին մէջ, անոր անցած ուղղիին ու ձեռքբերած յաջողութիւններուն օրինակը խթանիչ ուժ հանդիսացաւ «Միրաք»ի անդամներուն եւ յոյս ներշնչեց անոնց, իրենց մէջ ամրապնդելով՝ սեփական ուժերու լարումով գագաթներ նուաճելու հնարաւորութեան գաղափարն ու հաւատը:

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին