Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

Լիբանանահայ Գաղութի Ներկայացուցիչները Մօտէն Ծանօթացան Ազգային Միացեալ Վարժարանին

Շաբաթ, 5 նոյեմբեր 2016ին, կէսօրուան ժամը 12:00ին, Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ շարունակուեցան կառոյցի ծանօթացման աշխատանքները, ներկայութեամբ` Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան Լիբանանի վարիչ մարմինի, Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Շրջանային վարչութեան եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի, Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներուն, պետական երեսփոխաններու, Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետներուն, Համազգայինի եւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեանց եւ ՀՕՄի ներկայացուցիչներուն, Լիբանանի հայոց թեմի ազգային երեսփոխաններու, Ազգային վարչութեան խորհուրդներու ներկայացուցիչներու եւ բարեկամներու:

Ծանօթացման հանդիպումին խօսք առին Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան, վարժարանի հանգանակիչ մարմինի ատենապետ Վրէժ Սապունճեան, վարժարանի տնօրէն Թալին Հաւաթեան եւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Առաջնորդ սրբազանը մեծապէս գնահատեց գաղութի ներկայացուցիչներու զօրակցութիւնը եւ նշեց, որ նոր դպրոցը նոր յոյսի եւ իրագործումներու շարժառիթ է:

Աւարտին, ներկաները շրջագայեցան վարժարանին մէջ` մօտէն ծանօթանալով կառոյցի շինարարական աշխատանքներուն եւ բաժանմունքներուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին