Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Զինադադարի Պահպանման Դրութիւնը Կրկին Խախտուած է

Ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ, շաբաթավերջին, հակառակորդին կողմէ զինադադարի պահպանման դրութիւնը խախտուած է շուրջ 65 անգամ, որուն ընթացքին տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ հայ դիրքապահներու ուղղությամբ արձակուած է՝ աւելի քան 1200 կրակոց: Շփման գիծի հիւսիս-արեւելեան, այսինքն` Թալիշի ուղղութեամբ ազրպէյճանական զինուժը կիրառած է նաեւ 60 միլիմեթրնոց ականանետ: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը հակառակորդի նախայարձակ աշխուժութիւնը ճնշելու համար դիմած են պատասխան գործողութիւններու եւ շարունակած՝ վստահօրէն իրականացնել մարտական հերթապահութիւն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին