Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

Կարէն Կարապետեանը Եւ Բակօ Սահակեանը Քննարկած Են Տնտեսական Փոխգործակցութեան Վերաբերող Շարք Մը Հարցեր

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն կատարած աշխատանքային այցի ընթացքին ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեանը հանդիպում ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակյանին հետ, այս մասին կը տեղեկացնեն Կառավարութեան մամուլի ծառայութենէն:

Արցախի նախագահը շնորհաւորած է Կարէն Կարապետեանը ՀՀ կառավարութեան ղեկավարի պաշտօն ստանալուն առթիւ եւ յաջողություններ ու արդիւնաւէտ գործունէութիւն մաղթած է անոր: Արցախի նախագահը յոյս յայտնած է, որ Կարէն Կարապետեանի պաշտօնավարման ժամանակ հայկական երկու պետութիւններու բարձր մակարդակին վրայ գտնուող տնտեսական համագործակցութիւնը կը շարունակէ հետեւողական իր  զարգացումն ու ընդլայնումը:

Այս առումով, զրուցակիցները քննարկած են Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի տնտեսական փոխգործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:

Բակօ Սահակեանի հրամանագրով ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեանը պարգեւատրուած է «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով՝ սոցիալ-տնտեսական կարեւորագույն խնդիրներու իրականացման Արցախին ցուցաբերած աջակցութեան համար եւ ի նշանաւորումն ԼՂՀ հռչակման 25րդ տարեդարձին առթիւ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին