Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

Բացուեցաւ Շուէտահայ Արուեստագէտ Թելմա Էմէնի Նկարներու Ցուցահանդէսը

Շուէտի ՀՀ դեսպանութեան մէջ  բացուեցաւ շուէտահայ արուեստագէտ Թելմա Էմէնի նկարներու ցուցահանդէսը: Թելմա Էմէնը (Էմինեան) ծնած է 1945թ. Պոլիս: 1973թ. ի վեր հաստատուելով եւ ստեղծագործելով Սթոքհոլմի մէջ` ունեցած է բազմաթիւ ցուցահանդէսներ Շուէտի, ԱՄՆ-ի, Ֆրանսայի մէջ եւ այլուր: Անոր նկարները ներկայացուած են աշխարհի տարբեր պատկերասրահներու մէջ, ներառեալ նաեւ Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Շուէտի մէջ ՀՀ դեսպանութենէն:

Էմէնի ստեղծագործութիւնները, որոնք արուեստագէտուհին կը բնութագրէ որպէս բանաստեղծական ռիալիզմ, կ’անդրադառնան մարդու կենսագործունէութեան վրայ ժամանակակից տարաբնոյթ փորձառութիւններու ազդեցութեան:

Ներկայացուող «Մեր ժամանակը» խորագիրով ցուցահանդէսը եւս բացառութիւն չէ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին