Երեքշաբթի, 18. 03. 2025

spot_img

Սրտամօտիկ Պաշտօնակից Յովհաննէս Պալայեանին Հետ

Հաճելի անակնկալով մը խմբագրատունս այցելեց «Քաջ Նազար» ամսաթերթի տարիներու խմբագիր եւ ԱՄՆի մէջ նոյն անունով հեռուստաժամի տէր եւ ներկայացնող՝ Յովհաննէս Պալայեանը:

Յովհաննէս Պալայեան այն եզակի անձնաւորութիւններէն է, որ համբերութեամբ եւ ի գին ամէն զոհողութիւններու աւելի քան 40 տարի (սկսեալ 1970էն) Լոս Անճելըսի մէջ 6000 տպաքանակով խմբագրած եւ լոյս ընծայած է Հայ մամուլի ժամանակակից պատմութեան միակ երկարակեաց երգիծական ամսաթերթը՝ «Քաջ Նազար»ը, որ իբրեւ անկախ ամսաթերթ՝ առարկայականօրէն քննադատած է Հայ հասարակական կեանքի բացասական երեւոյթները:

Մեր հիւրէն իմացանք, որ ինք օրերս Լիբանան կը գտնուի հրաւէրովը Խաչատուրեան ընտանիքին՝ յանձին Պրն. Յարութ Խաչատուրեանին:

Վերջին 17 տարիներուն, Յովհաննէս Պալայեանի վաստակը մեծ եղած է  հայ ծնողազուրկ եւ հաշմանդամ  փոքրիկներուն ուրախ պահելու նուիրուած՝ իր մարդասիրական եւ Աստուածահաճոյ  գործունէութեան մէջ։ Ան այս առաքելութեան ձեռնամուխ եղած է, վերջին 17 տարիներուն եւ մանաւանդ «Քաջ Նազար»ի հրատարակութեան դադրումէն ետք՝ ամբողջովին նուիրուելով  անոր:

Իր հաստատած ու նախագահած Ս. Ծնունդի Հիմնադրամին (American Armenian Orphans Christmas Fund Inc) միջոցաւ եւ վերջին 17 տարիներու ընթացքին իր հեռուստաժամին միջոցաւ հանգանակած է 1,400,000 ամերիկեան տոլար, որպէսզի Հայրենիքի տարածքին ծնողազուրկ եւ հաշմանդամ փոքրիկներու համար մանկատուներ հաստատէ կամ անոնց հին կառոյցները նորոգէ։ Անոնցմէ վերջինը հանդիսացած է մանկատան մը ամբողջական վերակառուցումը Կիւմրիի մէջ, որ վերանուանուած է «Եօթ Հրեշտակաց Մանկապարտէզ»՝ ի յիշատակ բոլորիս ծանօթ Կիւմրեցի Աւետիսեան Ընտանիքի անմեղ զոհերուն:

Ո՞վ ծանօթ չէ Յովհաննէս Պալայեանի առողջ եւ շինիչ քննադատականներով լեցուն ամերիկեան AABC կայանի «Քաջ Նազար» յայտագիրին, որ ժամանակակից շարունակութիւնն է համանուն ամսաթերթին: Իր հեռուստաժամի յայտագիրին միջոցաւ այս երեւոյթ հանդիսացող հայը կը շարունակէ սուր, սակայն, տեղին միտքերով իր սլաքները ուղղել հայ հասարակական կեանքի բացասական երեւոյթներուն՝ զանոնք սրբագրել տալու միտումով:

Հակառակ մեր հիւրին հետ մինչեւ օրս անձնական ծանօթութիւն չունենալուն՝ հանդիպման մէկ ժամը արդէն բաւարար էր սրտամօտիկ եւ հոգեհարազատ զգալու այն մարդուն հանդէպ, որուն միտքերը մենք անվերապահօրէն կը բաժնենք, մինչ իր առաքելութեան հանդէպ ունինք խորին ակնածանք:

Յաջողութիւն եւ արեւշատութիւն մեր սիրելի հիւրին, որ այսօր կը մեկնի Հայաստան հաւատարիմ մնալու իր նշանաբանին՝«Մեր Ապագան, Մեր Սերունդն Է» եւ  զարկ տալու իր բարեսիրական նոր ձեռնարկութիւններուն, որոնք 2016 եւ 2017 տարիներուն իրագործուելիք երկու գիշերօթիկներ են՝ Հայրենի երկու տարբեր գիւղերու մէջ: Այս ծրագիրները պիտի իրականան ամբողջովին անգործածելի նախկին կառոյցներու վրայ, որոնք իրենց տեսքով եւ բովանդակութեամբ ամենաժամանակակից հաստատութիւններու պիտի վերածուին:

Շնորհակալութիւն Յովհաննէս Պալայեանին:

«Խմբ.»

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին