Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան տեսակցեցաւ գերմանացի պաշտօնակից Ֆրանք Ուոլթըր Շթայնմայըրին հետ: Անոնք քննարկեցին հայ-գերմանական յարաբերութիւնները եւ զանոնք զարգացնելու միջոցները: Նալպանտեան նշեց, որ իւրաքանչիւր նոր հանդիպում նոր լիցք կը հաղորդէ հաստատուած ջերմ կապերուն: Զրուցակիցները քննարկեցին տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ արծարծեցին շրջանային ու միջին արեւելեան զարգացումները: Նալպանտեան իր պաշտօնակիցին հետ խօսեցաւ նաեւ Հայաստան-եւրոմիութիւն կապերուն մասին: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Պերլինի մէջ տեսակցեցաւ Գերմանիոյ վարչապետի արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով գլխաւոր խորհրդականին հետ, քննարկելու համար ապահովական թղթածրարներն ու քաղաքական զարգացումները: Նալպանտեան աշխատանքային նախաճաշ ունեցաւ խորհրդարանի անդամներու, առաջատար վերլուծաբաններու եւ քաղաքագէտներու հետ: Նալպանտեան այս առթիւ ողջունեց Գերմանիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան փաստին ճանաչումը: