Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

Եզակի Նախաձեռնութիւն Մը

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Երէկ գիշեր խմբագրատան գրասեղանիս վրայ շատ մը թուղթերու, գիրքերու եւ ծրարներու կողքին զիս կը սպասէր հետաքրքրական շրջաբերական մը պարունակող պահարան մը:

Անոր մէջ կարդացի.

ԳՈՀԱՐ Հայկական Երաժշտական Գրադարանը հետաքրքրուած է, փոխարժէքով ստանալ՝

  • Հայկական երգարաններ
  • Հայերէն եւ Հայերէնէ այլ լեզուներու բառարաններ
  • Կիլիկիոյ պատմական գիրքեր
  • Ցեղասպանութեան հետ առընչուած գիրքեր
  • Մանրանկարչական գորքեր

Եթէ ունիք նման գիրքեր եւ կը փափաքիք զանոնք վաճառել, կը խնդրենք մեզի հետ կապ հաստատել հետեւեալ հասցէներով:

Հեռ.՝ 01/447116

info@koharlibrary.com

Որքան զարմանալի՝ այնքան ալ ուրախալի երեւոյթ մը: Զարմանալի, որովհետեւ հանդիպած էի առեւտրական ձեռնարկութիւններու, որոնք հին ապրանք մը նորով փոխարինելու (անշուշտ շահադիտական) ծանուցումներ կ’ընեն, սակայն առաջին անգամն է, որ մշակութային կեդրոն մը՝ այն ալ հայկական, պատրաստ է փոխարժէք վճառելու եւ փրկելու հայ մշակոյթին վերաբերող վերոյիշեալ հրատարակութիւններ: Ինչպէս ԳՈՀԱՐ հաստատութեան հովանաւորած նոյնանուն համոյթը միայն պետութեան մը մակարդակով հազիւ պահուելիք ձեռնարկութիւն մըն է, ԳՈՀԱՐ Գրադարանը միշտ  ալ իր հիմնադրութենէն ի վեր շատ բան չի զիջիր իր համանուն համոյթին՝ ինչ կը վերաբերի հայ ժողովուրդի մշակոյթի պահպանման, հովանաւորուած միեւնոյն Խաչատուրեան ընտանիքին անզուգական ջանքերով եւ ամենաարհեստավարժ ու ժամանակակից գործելաձեւով:

Ուրախանալի է, որովհետեւ հայ տպագիր գիրքը, որ դժբախտաբար, շատ մը Հայ տուներուն մէջ այլեւս ժամանակավրէպ իրերու եւ «ղալապալախ»ի շարքին կը սեպուի, վերջապէս ունի իր փրկիչը՝ ԳՈՀԱՐ Գրադարանը, որ յանձն առած է անոր մէկ կարեւոր մասնիկը փոխարժէքով գնել… փրկելով զանոնք անհետ կորուստէ:

Այսօրուան կոչս է բոլոր այն մարդոց, որոնք շուարած են թէ ի՞նչ պիտի ընեն իրենց տուներուն մէջ «տեղ գրաւող» գիրքերով, կամ բոլոր անոնք, որոնք իրենց ծերունի կամ մահացած ծնողներուն տուները կը մաքրեն՝ աղբի տոպրակներու մէջ լեցնելով Հայ գիրքը, թող անոր վերոնշեալ մասնիկը երթան նուիրեն այս անզուգական գրասենեակին, նոյնիսկ փոխարժէքն ալ ստանալով՝ եթէ պէտքը կը զգան…:

Կը մնայ շնորհակալութիւն յայտնել ԳՈՀԱՐին եւ այսօրուան համար ալ բաւականանալ այսքանով:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին