Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

Ամենասիրելի Բառը

*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՈՂԼԵԱՆ*

Բառերու սէրը… բառեր կան, որոնք սիրելի են եղած. բայց պէտք է ըսել, որ գրեթէ ամէն բառ սիրելի է, նայած ե՞րբ, ո՞ւր, ինչպէ՞ս, ինչո՞ւ, որո՞ւն եւ ո՞ւր կը գործածենք զայն:

Սկսինք: Առնենք կեանք բառը…

«Եւ մահամերձն ալ կ’ուզէ երկու բան

Նախ կեանքը, յետոյ…»(Պ. Դուրեան)

«Լաց իմ մուսայ, մարդիկ չլացին

Անյայտ ինկածին»  (Վ. Տէրեան)

Կեանք բառը կեն բառը կը յիշեցնէ, նոյն արմատն է: Խրախճանքի սեղանին շուրջ գաւաթներ կը պարպուին, կենացը խմողներուն եւ չխմողներուն, ունեւորներուն ու չունեւորներուն, բայց ինչո՞ւ չունեւորներուն, մարդ կրնայ հարցնել իրաւամբ: Բարեկամ, մարդկային փոխ յարաբերութեան պարզ օրէնքով. Ուրկէ՞ ունեցողը պիտի ունենայ եթէ ոչ՝ չունեւորի հաշւո՛յն, ուրեմն անոնք ալ պէտք է ապրին, որպէսզի ինչ որ տակաւին մնացած է քովերնին եւ ունին, տան, վերջապէս, որո՞ւ կու տան. չէ՞ որ ամէնքն ալ հարազատներ են, ամէնքն ալ հայ են, այս երկրի զաւակները, երբ ձիւնէ, ամէնուն վրայ կը ձիւնէ, միայն այն տարբերութեամբ, որ ունեւորը չի մսիր, իսկ չունեւորը ջերմանալու միջոցներ փնտռելով կը տաքնայ…  ինչ որ չէ կարողացած պատրաստել մինչեւ ձիւնելը, չէ կրցած նախապատրաստուիլ: Ուրեմն՝ կեանքը կը շարունակուի մէկուն այսպէս, միւսին՝ այդպէս:

Մարդկային է սա եւ զգեստաւորուած է արդարութեան մակդիրով, բայց ո’չ մարդկայնական:

Մարդասէր, մտածող հանճարներ տեսական լուծումներ տուած են՝ թուելէ ետք վերոյիշեալ իրողութեան պատճառները: Հին դարերէն սկսեալ, ամէնէն նշանաւոր հանճարը Լաօ Ցէն է, Չինաստանի զաւակ, ի միջի այլոց, կ’ըսէ.-

«Կայ Աստուծոյ արդարութիւնը, որ է ունեւորէն առնել չունեւորին տալ,

Կայ մարդոց արդարութիւնը, որ է, չունեւորէն առնել, ունեւորին տալ»:

Ուրեմն, երթը կը շարունակուի ու կանգ պիտի չառնէ: Արիւնալի պայքարներ, ընդհարումներ քիչ մը ընդհանուր կեանքի այլ կերպ տուած են դէպի բարեխառնութիւն , ինչպէս Եւրոպա, Մ. Նահանգներ, Գանատա, սակայն աշխարհը լա՜յն է՝ հինգ ցամաքամասերով…

Դառնանք բառերուն: «Բարի լոյս» կ’ըսենք, ու պատասխանը կ’ըլլայ՝ «Աստուծոյ բարին». Ի՜նչ աղուոր. բայց ո՞ւր է ան: Աստուծոյ բարին, ո՞ւր, ե՞րբ, եւ ինչպէ՞ս պիտի իրագործուի, երբ ճիրանաւորները (դուք հասկցէք բարձր պաշտօնի գործօն կառավարիչներ, պաշտօնեաներ) արծիւի նման բռնած են իրենց մագիլներով որսը, որ այս պարագային ժողովուրդն է, ու կը սնանին…:

«Նախ կեանքը»,- հիւանդ հանճարին խօսքն է ի հարկէ:

Նախ հայը, – խեղճ անօթիին ցանկութիւնը՝ անհրաժեշտութիւնը:

Նախ արդարութիւնը,- զրկուած ամբոխի լոզունգը, քանի որ զոհն է արդարութեան:

Նախ ազատութիւնը,- շղթայուածին խօսքը:

Նախ Անկախութիւնը… «Միայն թէ թող  Նա թողնի հեռանայ» (Պ. Սեւակ)

Լենկ Թիմուրն եկաւ, հուրն ու սուրն եկաւ (Ա. Իսահակեան)

Բայց, քսաներորդ դարն ենք ու աւելի», ո՞ւր տարիր մեզ հին դարերու ջարդերուն…

Փշրուեցինք աստղերու պէս ու ցրուեցինք աշխարհում (Ս. Կապուտիկեան)

Ու անկէ՝ նոր իրավիճակ՝ ՍՊԻՏԱԿ ՄԱՐԴ…

Կը մնայ միակ կռուանը՝ հայրենիքը:

Իսկ հոն գործնականօրէն կը կիրարկուի չունեւորէն առնել ունեւորին տալ: Ահա թէ ինչո՞ւ կը գաղթեն հայրենիքէն: «Հայաստանի մնայուն բնակչութիւնը վերջին 9 ամիսներուն նուազած է 4700-ով»:

Կենսաթոշակներ
Հայաստանի ընկերային հարցերու եւ աշխատանքի նախարար Արտէմ Ասատրեան յայտարարեց, որ 2017 թուականին անհատական կենսաթոշակ պիտի ստանան Հայաստանի երկու նախկին նախագահներն ու 95 երեսփոխաններ: Ազգային ժողովին մէջ պետական պիւտճէի քննարկումներուն ընթացքին նախարարը նշեց, որ կենսաթոշակ ստացողներու շարքին են  Սահմանադրական դատարանի նախկին 4 անդամներ, 63 նախկին դատախազներ, 18 բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ: Նշենք, որ կենսաթոշակի գլխաւոր հատուածը կը կազմէ 14 հազար դրամ, իսկ մասնագիտական իւրաքանչիւր տարուայ համար կ’աւելնայ 5 հազարական դրամ:

Ա՜խ, ամէնէն աելի սիրելի չէ՞…«ԿԵՆՍԱԹՈՇԱԿ» բառը…

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին