Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

Սլովաքիոյ Խորհրդարանի Նախագահը Յարգած է Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակը

Պաշտօնական այցով Երեւան գտնուող Սլովաքիոյ Հանրապետութեան Ազգային խորհուրդի նախագահ Անտրէ Տանքոն եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութեան անդամները ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալ Էդուարդ Շարմազանովի եւ ԱԺ արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արտակ Զաքարեանի ուղեկցութեամբ Նոյեմբեր 3ին այցելած են Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր:

Անտրէ Տանքոն եւ պատուիրակութեան անդամները Սլովաքիոյ Ազգային խորհուրդի անունով ծաղկեպսակ դրած են Հայոց մեծ եղեռնի յուշարձանին, ծաղիկներ խոնարհած անմար կրակին մօտ եւ լռութեամբ ու խոնարհումով յարգած են Սուրբ նահատակներուն յիշատակը:

Հիւրերը եղած են Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, ծանօթացած Հայոց Ցեղասպանութիւնը հաւաստող փաստաթուղթերուն ու վաւերագիրներուն, գրառում կատարած յուշամատեանին մէջ:

Անտրէ Տանքոն, կիսելով իր տպաւորութիւնները, նշած է. «Վշտակցելով եւ մեծ յարգանքով խոնարհելով այս յուշարձանին առաջ` ես երբեք չեմ փորձեր թաքցնել արցունքներս»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին