Շաբաթ, 05. 07. 2025

spot_img

Հանդիպում ԹՄՄի «Պիկ Պէնտ» (Big Band) Երաժշտական Խումբի Տնօրէնին Հետ

Նոյեմբերի 20ին Պուրճ Համուտի Յակոբ Տէր Մելքոնեան սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ ԹՄՄի «Պիկ Պէնտ» երաժշտական խումբի համերգը:

Այս մասին մեզի այցելութեամբ մը մանրամասնեց խումբի տնօրէն ընկեր Տիրան Սարգիսեանը.

«Պիկ Պէնտը» այս տարի եւս  ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի հովանաւորութեամբ եւ մասնաւոր քաջալերանքովը անոր ատենապետ ընկեր Յակոբ Գասարճեանի, հանութեան պիտի  ներկայանայ  բոլորովին նոր երգացանկով եւ նոր երգիչներով, խումբին հիմը կազմող անդամները պահելով նոյնը:

Խումբը իր փորձերու պահուն

 

Նախորդ տարուան մեր առաջին փորձառութեան վրայ հիմնուելով, մենք այս տարի բարելաւած ենք ձայնաւորումի թէքնիք բաժինը:  Համերգին տեւողութիւնը պիտի ըլլայ  մէկուկէս ժամ ամբողջութեամբ նոր երգացանկով: Ընդգրկուած երգերէն երեքը հայերէն են, մեկը արաբերէն, կան նաեւ եւրոպական  քանի մը երգեր, որով հանդէս կու գայ Ճոնի Քեյ բեմական անուամբ հանրածանօթ հայ երգիչը: Նուագախումբին նոր անդամններուն մաս կը կազմեն Լիբանանի պետական երաժշտանոցէն յատուկ հրամանով ընդգրկուած երաժիշտներ: Անշուշտ խումբին ղեկավարը կը մնայ մեր սիրելի Վիգէն Չալեանը, որուն շատ բան կը պարտինք այս խումբի կազմութեան, գոյատեւումին եւ յաջողութեան մէջ:

Այս տարուան մեր  համերգի անականկալ հատուածը պիտի ըլլայ  դասական երաժշտութենէ փունջ մը ՝ ժամանակակից գործիքաւորմամբ: Այս հատուածը պիտի կատարէ լիբանանցի նշանաւոր սոփրանօ երգչուհի մը:

Ցանկութիւնս է, որ «Զարթօնք»ին շնորհիւ մարդիկ տեղեկանան համերգին մասին եւ ներկայ  գտնուին: Տոմսերու գիները մատչելի են` սիրով բոլորին կը հրաւիրենք:

ԹՄՄ «Պիկ Պէնտ» ի գոյութիւնը կ’իմաստաւորուի անով, որ հաւատարիմ մնալով զինք հովանաւորող մեծ միութեան առաքելութեան,  մշակութասէր հանրութեան պիտի ներկայանայ օտար ազգերու երաժշտութեամբ եւս, նպատակ ունենալով  օտարին ներկայացնել նաեւ անշուշտ մեր հայկականը:

Յաջողութիւն «Պիկ Պէնտ»ին եւ անոր յառաջիկայ եզակի ելոյթին յաջողութեան համար աշխատող բոլոր յայտնի եւ անյայտ «զինուորներուն»:

«Խմբ.»

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին