Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստ Հրաւիրած Է

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Նոյեմբեր 3ին հրաւիրած է Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ, որուն օրակարգին մէջ ընդգրկուած էին բանակաշինութեան վերաբերող հարցեր: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:

Համապատասխան զեկոյցով հանդէս եկած է ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան:

Նախագահը շարք մը յանձնարարականներ տուած է քննարկուած հարցերու պատշաճ լուծման ուղղութեամբ` ընդգծելով, որ բանակաշինութիւնը եւ պաշտպանութեան բանակի մարտունակութեան շարունակական բարձրացումը եղած են եւ կը մնան մեր ամենակարեւոր առաջադրանքներէն մէկը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին