Շաբաթ, 15. 03. 2025

spot_img

Սուրիական Արհաւիրքը Ըստ Երեւոյթին Տակաւին Երկա՜ր Ճամբայ Ունի Կտրելիք

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Ինչպէս միշտ եւ հակառակ բոլորիս մաղթանքներուն ու յոյսերուն, այսօր աւելի եւս համոզուած եմ, որ սուրիական արհաւիրքը տակաւին շա՜տ երկար է՝ մինչ արիւնլուայ երկիրը հիմնայատակ կը կործանի…:

Այս մտահոգ համոզմունքս եկան հաստատելու մանաւանդ, ռուսական կողմի վերջին օրերու յայտարարութիւնը՝ թէ Սուրիոյ մէջ քաղաքական համաձայնութիւն մը արդէն իսկ առանց ժամկէտի յետաձգուած է:

Այս յայտարարութեան վրայ, մտահոգութիւնս աւելի եւս կը հաստատուի,եթէ գանք աւելցնելու շրջող այն խօսքերը, թէ Ամերիկայի Միացեալ նահանգներու նախագահական թեկնածու Հիլըրի Քլինթընի հաւանական ընտրութիւնը նախագահի պաշտօնին վրայ՝  սուրիական արհաւիրքը աւելի եւս պիտի երկարաձգէ:

Կը մնայ միշտ մաղթել, որ սուրիահայութիւնը նուազագոյն վնասներով դուրս գայ այս մղձաւանջէն, որ ըստ բացայայտուած տուեալներուն դժբախտաբար վերջ մը կրնայ չունենալ մօտակայ ապագային:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին