Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

Սերժ Սարգսեան Շնորհաւորած է Լիբանանի Նախագահ Միշէլ Աունը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Միշէլ Աունին` Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ ընտրուելուն առթիւ: Այս մասին՝ ըստ «Արմենփրես»-ին՝ տեղեկացուցած են ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն:

«Վստահ եմ, որ ձեր երկարամեայ փորձառութիւնը եւ Լիբանանի բարեկեցիկ ու անվտանգ ապագայի ապահովման անմնացորդ նուիրուածութիւնը լաւագոյնս կը ծառայեն իրենց նպատակին:

«Համոզուած եմ, որ ձեր պաշտօնավարութեան ընթացքին հայ եւ լիբանանցի ժողովուրդներուն` դարերու խորքէն եկող բարեկամութիւնը աւելի կ’ամրապնդուի եւ կը ստանայ նոր որակներ:

«Կը մաղթեմ ձեզի քաջառողջութիւն եւ ձեր առջեւ դրուած բոլոր նպատակներն ու ծրագիրները իրականացնելու ուժ ու կորով»,- ըսուած է ՀՀ նախագահի շնորհաւորական ուղերձին մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին