Հինգշաբթի, 17. 04. 2025

spot_img

Ազրպէյճանական Զինուժը Կիրառած է Հակահրասայլային եւ Ենթափողային Նռնականետեր

Նոյեմբեր 1ի լոյս 2ի գիշերը ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ, հակառակորդը հրադադարը խախտած է մօտ 40 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 560 կրակոց:

Ըստ ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութեան, սահմանագիծի հիւսիսային ուղղութեամբ, բացի հրաձգային զինատեսակներէ, ազրպէյճանական զինուժը կիրառած է նաեւ ձեռքի հակահրասայլային (ՁՀՆ-7 /5 արկ/) եւ ենթափողային (ԵՆ-25 /3 արկ/) տիպի նռնականետեր:

ՊԲ առաջապահ զօրամասերը հիմնականօրէն պահպանած են հրադադարը եւ պատասխան գործողութիւններու դիմած են միայն խիստ անհրաժեշտութեան պարագային:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին