Երկուշաբթի, 10. 02. 2025

spot_img

«Միրաք»ի Այցելութիւնը Տիեզերքի Թանգարան

Կիրակի 30 Հոկտ. 2016ի, ՌԱԿի «Միրաք» պատանեկան-ուսանողական շարժման կիրկանօրեան նուիրուած էր թանգարանային այցելութեան: 2001էն Երեւանի մէջ գործող եւ անցեալ տարի՝ 2015ին  հարստացուած եւ վերաբացուած Տիեզերքի թանգարան այցելութեան «Միրաք»ին ընկերակցեցան ՌԱԿի Կեդրոնական Վարչութեան Փոխատենապետ Ընկ. Լեւոն Պըլըխեանը, Կդրն. Վրչ. անդամ եւ «Միրաք»ի պատասխանատու Ընկ. Ալեքսան Գարատանայեանը եւ «Միրաք»ի վարչական անդամներ:

20161030_130859

Այս խորհրդաւոր եւ հետաքրքրական թանգարանէն ներս «Միրաք»ի պատանի-ուսանողները առիթը ունեցան տեսնելու եւ ձեռքով դպնալու Տիեզերքէն վայրէջք կատարած սարքաւորումներու եւ շօշափելու անոնց վրայ եղած տիեզերական փոշին:  Անոնք ծանօթացան թանգարանին մէջ ցուցադրուած հայ մասնագէտներու կողմէ ստեղծուած տիեզերական հետազօտութիւններու վաղ շրջանի բացառիկ նմուշներուն: «Միրաք»ի պատանիները նաեւ առիթը ունեցան ծանօթանալու տիեզերական հետազօտութիւններուն առընչուող փաստաթղթերուն, որոնց շարքին ուշագրաւ տեղ կը գրաւէր Նոպէլեան մրցանակակիր, միջուկային զէնքի ստեղծողներէն մէկուն` Հանս Պեթէյի յօդուածի ձեռագիրը, որ գրուած էր ակադեմիկոս Գրիգոր Գուրզադեանի հետ համատեղ:
Թանգարանի մէջ ցուցադրուած առաւել ուշագրաւ նմուշներէն էր, 
K-2 հրթիռային աստղադիտարանի վայրէջքային հատուածը, որ առաջին անգամ տիեզերք արձակուած էր 1962ին՝ P5B հրթիռով, 500 քմ բարձրութեան վրայ: «Միրաք»ականները մեծ հետաքրքութեամբ կ’ունկնդրէին սարքի մասին պատմուող մանրամասնութիւնները, թէ ինչպէս ան պատրաստուած էր յատուկ հրակայուն նիւթէ, որպէսզի դիմանար վայրէջքի ժամանակ մինչեւ 6000 աստիճանի հասնող սարքի տաքութեան:

20161030_141516

«Միրաք»ականները նաեւ ազգային հպարտութեամբ տոգորուեցան՝ լսելով հայ գիտնականներու եւ տիեզերագնացութեան բնագաւառի բացայայտման մէջ հայազգի մասնագէտներու ունեցած աւանդի մասին: Անոնց միտքին մէջ առանձնապէս դրոշմուեցաւ 1950ականներու վերջերուն սկսած հայ երիտասարդ, սակայն արդէն անուանի աստղաֆիզիքոս Գրիգոր Գուրզադեանի անունը, որ հրթիռային ռազմական արհեստագիտութիւնը գիտական խնդիրներու համար օգտագործող առաջիններէն մէկը եղած էր եւ որուն մեծապէս աջակցած էր անոր ուսուցիչ՝ ակադեմիկոս Վիքթոր Համբարձումեանը:

20161030_135956

?????

Ուսուցողական-դաստիարակչական թանգարանային այցելութեան ընթացքին «Միրաք»ի պատանի-ուսանողներու հետաքրքիր հարցերուն համապարփակ կերպով կը պատասխանէր թանգարանի պատասխանատուներէն Պրն. Կարէն Բայրամեանը, որ մանրամասն կերպով թանգարանի մէջ ցուցադրուած պաստառներու եւ սարքերու մասին հարուստ տեղեկութիւններ փոխանցեց «Միրաք»ի պատանիներուն:

20161030_132624

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին