ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Սկաուտական Շարժումը պահպանելով իր անցեալի աւանդութիւնները, Շաբաթ, 29 Հոկտեմբեր 2016ի յետմիջօրէին, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնի շրջափակին մէջ հանդիսաւոր արարողութեամբ մը կատարեց Սկաուտական Շարժումի 2016-17 տարեշրջանի բացումը:
Հարիւրաւոր միութենականներ, ծնողներ ներկայ էին սոյն արարողութեան, որոնց մէջ էին մանաւանդՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան եւ անդամներ, ՀԵԸ-ի Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիր Մարմինի ատենապետ Գրիգոր Քէշիշեան եւ անդամներ Scouts Du Liban-ի (SDL) եւ Association Des Eclalreuses Du Liban (AEL) ներկայացուցիչներ:
Ինչպէս միշտ, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ փողերախումբին գլխաւորութեամբ, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Սկաուտական Շարժումի անդամ-անդամուհիները՝ Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի դրօշներով, տողանցելով մուտք գործեցին ՀԲԸՄ-Տեմիրճեան կեդրոնի շրջափակը: Լիբանանի, Հայաստանի, ՀԲԸՄ-ի եւ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք՝ յանուն ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Սկաուտական Շարժումին, քոյր Լոռի Զատիկեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ըսաւ.«Ութսուն տարիներ առաջ խումբ մը նուիրեալ ՀԵԸ-ականներ որոշեցին թափ տալ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան Սկաուտական Շարժումին: Ահաւասիկ ութսուն տարի ետք, մենք կը շարունակենք անոնց նուիրեալ առաքելութիւնը»:
ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիր Մարմինի ատենապետ Գրիգոր Քեշիշեան շեշտեց՝ ՀԲԸՄ-ի «Միութիւնը Զօրութիւն է» կարգախօսին փարելու անհրաժեշտութիւնը: «Սկաուտութիւնը կը կերտէ մեր երիտասարդութեան նկարագիրը»,-յայտնեց ան եւ ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիր Մարմինի անունով շնորհաւորեց տարբեր խումբեր փոխանցուող անդամ-անդամուհիները, ինչպէս նաեւ սկաուտական ծնողաց վարչութիւնը, որուն անդամուհիները ոչ մէկ ճիգ կը խնայեն նեցուկ կանգնելու Սկաուտական Շարժումի աշխատանքներուն:
Ապա, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիր Մարմինի ատենապետ Գրիգոր Քեշիշեան եւ Գործադիր Մարմինի անդամներ, SDL-ի եւ AEL-ի ներկայացուցիչներ հրաւիրուեցան, որ հովանաւորեն փոխանցումներու արարողութիւնը:
Քոյր Վանեսա Արսենեան միացաւ թիթեռական խումբի անձնակազմին: Փոխ խմբապետ եղբայրներ՝ Մանօ Տագէսեան եւ Մինաս Մազլումեան միացան սկաուտական խմբապետական կազմին: Քոյր Նաթալի Պհատէ ստանձնեց արծուիկական խումբի խմբապետուհիի պաշտօնը: Կալին Քիսոյեան եւ Հերա Մազլումեան ստանձնեցին Արծուիկական խումբի փոխ խմբապետութեան պարտականութիւնը: Արեւ Սեֆերեան եւ Կասիա Պոյաճեան ստանձնեցին արենուշական խումբի վարիչ առաջնորդի պաշտօնը: Եղբայր Էլի Պհատէ ստանձնեց երէցական խումբի խմբապետի պաշտօնը: Եղբայր Ռաֆֆի Քէլէշեան սկաուտական խումբի խմբապետի պաշտօնը յանձնեց եղբայր Եղիկ Աւետիքեանին: Քոյրեր Անժելլա Փաթափութեան եւ Պրենտա Պեքարեան ստանձնեցին քառավելական փոխ խմբապետուհիի պաշտօնը:
Ընդհանուր՝ վեց թիթեռներ անցան գայլիկներու եւ արծուիկներու շարքերը, եօթ գայլիկներ՝ սկաուտներու շարքը, 14 արծուիկներ՝ արենուշներու շարքը,11 սկաուտներ՝ երէցական շարքը եւ 13 արենուշներ՝ քառավելներու շարքը:
Պաշտօններու փոխանցման արարողութիւնը աւարտելէ ետք, մեծ պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի անցեալ տարուան գործունէութիւնը խտացնող տեսաերիզ մը: ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիրի, ծնողացի եւ սկաուտական վարչութեան անդամներ հատեցին ՀԲԸՄ՝ 110 եւ ՀԵԸ՝ 85ամեակի կարկանդակները: Ապա տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն:
ՀԵԸ –Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ