Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

Ամերիկեան Բարքեր

*ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ*

Աննախընթաց Աճուրդ մը . . .

Trump

Աճուրդները ընդհանրապէս տեղի կ’ունենան վաճառելու համար թանկարժէք նկարներ, հռչակ առած ֆիլմերու մէջ գործածուած պիտոյքներ եւ կամ անոնց դերասաններուն հագած հագուստները ու վերջապէս հնադարեան հազուագիւտ իրեր, որոնք կը զետեղուին թանգարաններու մէջ։

Վերոյիշեալ ընդհանրացումին մէջ սակայն, միշտ ալ բացառութիւններ կան եւ ես պիտի ներկայացնեմ այդ բացառութիւններէն մէկը, որ քիչ մը կարծես գռեհկութեան աստիճանին հասած է . . .

Արդարեւ, Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեանց ներկայացած Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Տանըլտ Թրամփի մերկ արձանը յանկարծ նոյն օրը երեւցաւ Նիւ Եորքի, Սան Ֆրանսիսքոյի, Քլիվլընտի(Օհայօ), Սիաթըլի (Ուաշինկթըն) եւ Լոս Անճելըսի փողոցներուն անկիւնները (տես նկարը)։

Սա նուաստացուցիչ երեւոյթ մըն է՝ յատկապէս անոր համար, որ կը պատահի նախագահական ընտրութեանց նախօրեակին, սակայն խօսքի ազատութիւն վայելող այս երկրին մէջ, ամէն ինչ թոյլատրելի կը թուի ըլլալ։

Վերոյիշեալ արձաններուն հեղինակն է Լոս Անճելըս բնակող քանդակագործ մը՝ Ճինճըր անունով։ Ան վարձուած է Indecline ընկերութեան կողմէ այս գործին համար։ Հոս տեղին է յիշել, որ մերկ արձաններէն չորսը քանդուած են, ի բաց առեալ Լոս Անճելըսի արձանէն։

The Washington Post՝ Ամերիկայի ամենատարածուն օրաթերթը, այս երեւոյթը անուանած է «Կայսրը Ամորձիքներ Չունի։» Զայս վերագրելով «Կայսրին Նոր Հագուստները» նշանաւոր հեքիաթին, ուր ինքնահաւան կայսրը խափուած էր մերկ վիճակով պտոյտ գալու՝ իր ժողովուրդին մէջ։

Ուրեմն, Թրամփի միակ մնացած մերկ արձանը աճուրդի դրուեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ՝ Julien’s Auctions-ի կողմէ եւ կ’անկնկալուի որ ծախուի 10,000էն 20,000 տոլարի միջեւ, որուն մէկ մասը պիտի յատկացուի National Immigration Forum-ին, որ ներգաղթը ջատագովող բարեսիրական ընկերակցութիւն մըն է։

Զեղծարարութեամբ եւ Մասամբ Նորին . . .

Wells Fargo Chief Executive Officer John Stumpf  prepares to testify on Capitol Hill in Washington, Tuesday, Sept. 20, 2016, before Senate Banking Committee. Strumpf was called before the committee for betraying customers' trust in a scandal over allegations that employees opened millions of unauthorized accounts to meet aggressive sales targets. (AP Photo/Susan Walsh)
Wells Fargo Chief Executive Officer John Stumpf prepares to testify on Capitol Hill in Washington, Tuesday, Sept. 20, 2016, before Senate Banking Committee. Strumpf was called before the committee for betraying customers» trust in a scandal over allegations that employees opened millions of unauthorized accounts to meet aggressive sales targets. (AP Photo/Susan Walsh)

Այս նիւթին տակ պիտի արծարծեմ նշանաւոր դրամատան մը գայթաղկութիւնը, որ մեծ արձագանգ արձանագրեց վերջերս՝ ամերիկայի բովանդակ տարածքին։

Այդ դրամատունը Wells Fargo-ն է, հիմնուած 1852ին,  որու կեդրոնատեղին կը գտնուի Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ։ իսկ ի՞նչ է այն գայթաղկութիւնը, որ ցնցեց դրամատիրական աշխարհը։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։

Որեւէ դրամատուն կը ցանկայ որ մեծ թիւով յաճախորդ ունենայ, որպէսզի անոնց պահ դրած դրամները շահագործէ եւ կարենայ իր ծախսերը հոգալ։

Այսքանը պարզ է եւ ընդունելի։ Սակայն անընդունելի է այդ նպատակին ծառայող՝ դրամատան վերին խաւի ի գործ դրած միջոցները։ Անոնք պարտադրած են իրենց պաշտօնեաներուն, որ կեղծ հաշիւներ բանան իրենց յաճախորդներուն անունով՝ առանց անոնց գիտակցութեան եւ հաւանութեան . . .

Այսպէս, վերոյիշեալ կեղծ հաշիւները վերջին հինգ տարիներու ընթացքին հասած են մինչեւ երկու միլիոնի։ Դրամատան Վարիչ Տնօրէնն է (Chairman & Chief Executive Officer) Ճան Սթամփ։ Ան հաշուետուութեան համար վերջերս կանչուեցաւ Միացեալ Նահանգներու Օրէնսդիր Մարմինի «Տնտեսական Ծառայութեանց» խորհուրդին կողմէ(տես նկարը) եւ պահանջուեցաւ անոր հրաժարականը, որ չուշացաւ . . . Իրմէ առաջ սակայն, շատ մը պատասխանատու պաշտօնեաներ գործէ արձակուած էին արդէն։

Հոս տեղին է յիշել, որ դրամատունը իր գործած զեղծարարութեանց համար տուգանքի ենթարկուեցաւ եւ վճարեց մօտ 190 միլիոն տոլար, որ պիտի հատուցանէ խարդախուած յաճախորդները։

Վերջապէս արդարութիւնը ի գործ դրուեցաւ դրամատիրական հաստատութեան մը նկատմամբ, որ երեւակայական յաճախորդներու հաշիւներով՝ պարարտացուցած էր իր մեծաւորներուն քսակը։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին