Երկուշաբթի, 21. 04. 2025

spot_img

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանը Կը Նշէ Հայ Գիրի Եւ Դպրութեան Տօնը

Հայ ժողովուրդը ազգային ու եկեղեցական տօներու շարքին ունի նաեւ լեզուի ու մշակոյթի տօն: Իւրաքանչիւր տարուան Հոկտեմբեր ամսուն մենք իւրայատուկ խանդավառութեամբ կը նշենք հայ մշակոյթի, գիրի ու գրականութեան ծնողները հանդիսացող`Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետներու յիշատակելի օրը:

Ուրբաթ, 28 Հոկտեմբեր 2016ի ատենամարզանքը նուիրուած էր Թարգմանչաց տօնին: Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանիս քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, 11րդ դասարանի աշակերտուհի Թամար Կանիմեան բացման խօսքին մէջ ըսաւ, թէ գիրերու գիւտը մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ մեծագոյն գիւտն է՝ աստուածաբոյր, աստուածային ճշմարտութեամբ օծուն: Ան աւելցուց, թէ Թարգմանչաց սերունդը կերտեց ազգ ու մշակոյթ, ստեղծեց հայադրոշմ հայրենիք եւ փոխանցեց դէպի ապագայ, որպէս ճախրող երաշխիք: Կանիմեան իր խօսքը փակեց յորդորելով իր ընկերները՝ հայերէնին մօտենալու իբրեւ մայրենի եւ ոչ թէ երկրորդական լեզու, ուխտելով հաւատարիմ մնալ դարաւոր անցեալի մաշտոցեան նշխարներուն:

Յայտագիրը սկսաւ մանկապարտէզի աշակերտներուն կատարած «Իմ Անունը Հայ Է» խմբերգով, որմէ ետք Ա. դասարանի աշակերտները երգեցին «Հայաստանի Երգը», իսկ 5րդ կարգի աշակերտները՝ «Իմ Մայր Լեզու» երգը:

Օրուան պատգամախօսն էր վարժարանի առաջին տնօրէններէն եղած, գրական բեղուն գործունէութիւն մշակած, Աստուածամօր նուիրուած բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ եւ ներկայիս Այնճարի Վարդարանի Տիրամայր եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ գերյարգելի Հայր Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Թոփալեանը: Գերյարգելին առաջին հերթին շնորհաւորեց վարժարանիս ստացած «Մայրենիի Պաշտպան» Ա. կարգի մրցանակը, որ շնորհուեցաւ Սփիւռքի Նախարարութեան կողմէ: Ապա խօսքը աշակերտներուն ուղղելով ըսաւ. «Դուք պաշտպանն էք հայ լեզուին, ոսկեղնիկին, մեծասքանչին: Դուք հպարտանքով պէտք է լեցուիք ձեր հայ ըլլալուն համար, ուրախանաք երբ հայերէն կը խօսիք, կը գրէք ու կ’երգէք, եւ չամչնաք, որ դուք հայկական վարժարանի մէջ կ’աշակերտէք»: Ան ըսաւ, թէ մեր հայերէն լեզուն, հայախօսութիւնը մեր ինքնութեան, պատկանելիութեան ու գոյատեւման կռուանն է։ Երբ իւրաքանչիւր հայ հայերէն կը խօսի, կը գրէ ու կ’աղօթէ՝ առաւել կ’ամրապնդուի իր մէջ հայկական ինքնութիւնը:

Tarkmanchatz z

3րդ, 4րդ, 6րդ եւ 7րդ կարգի աշակերտները երգով, պարով ու ասմունքով կենդանի պատկեր մը ներկայացուցին, որուն մէջ գովերգեցին հայ լեզուն, գիւտարար Ս. Մեսրոպ Մաշտոցը եւ հայ լեզուով ստեղծագործած մեր բանաստեղծները:

Վարժարանիս տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ մենք որպէս հայ կը գոյատեւենք շնորհիւ մեր այբուբենին, եւ «Մայրենիի Պաշտպան» մրցանակի արժանանալը ուրախութիւն եւ հպարտութիւն է մեր վարժարանին համար,  բայց զայն պահպանելու համար մենք պէտք է պաշտպանն ու տէրը ըլլանք մեր լեզուին, մեր մշակոյթին ու ինքնութեան:

Աւարտին բեմ բարձրացաւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ եւ վարժարանիս հոգեւոր խորհրդատու՝ գերյարգելի Հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Եղիայեանը, որ փակման աղօթք կատարելէ առաջ ըսաւ. «Յարգանք, պատիւ ու պարծանք մեզի, որ ունեցանք երկրորդ լուսաւորիչ մը՝ Մեսրոպ Մաշտոցը, որ լուսաւորեց մեր միտքերը»: Փակման աղօթքին աշակերտները միաբերան երգեցին Տէրունական աղօթքը:

Լրատուական Մարմին
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան
Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին