Ազրպէյճանական կողմը ոչ միայն կը շարունակէ լարուած պահել իրավիճակը առաջին գիծին վրայ (պարբերաբար խախտելով հրադադարը եւ դիմելով խափանարարական հետախուզական փորձերու), այլեւ տեղեկատուական սադրանքներու կը դիմէ: Այդ մասին կ’ըսուի ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ:
Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը, թէ հայկական կողմը խախտած է հրադադարը կիրառելով 60 միլիմեթրանոց ականանետեր, ՀԱՆ-17 տիպի նռնականետեր ու խոշոր տրամաչափի գնդացիրներ, իրականութեան չի համապատասխաներ: Ատիկա հակառակորդ կողմի հերթական քարոզչական հնարքն է:
Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը խստօրէն կը հետեւին հրադադարի պահպանման եւ երբեք նախայարձակ չեն ըլլար:
Նման ապատեղեկատուութիւն տարածելով` ազրպէյճանական կողմը հող կը նախապատրաստէ յետագայ սադրանքներու համար: