Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը յայտարարած է ներկայ պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանը պաշտօնանկ ընելու որոշման մասին: Յայտարարութիւնը հրապարակուած է պատրիարքարանի պաշտօնական էջին մէջ, կը հաղորդէ «Արցախփրես»-ը:
Նշենք, որ պատրիարք Մութաֆեան մահաթմբիրի (coma) մէջ կը գտնուի 2008էն ի վեր եւ փաստացի չի գործեր իբրեւ պատրիարք: Անոր փոխարէն այդ լիազօրութիւնները կը կատարէ արքեպիսկոպոս Արամ Աթէշեան, որ ընտրուած է ոչ թէ համայնքին, այլ պետութեան կողմէ:
Այժմ, արդէն պատրիարք Մութաֆեանի պաշտօնապէս թոշակի անցնելու վերաբերեալ որոշումը, Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ հաստատուելու պարագային, կ’ենթադրէ նոր պատրիարքի ընտրութիւն, որուն ընթացքին Պոլսոյ հայկական համայնքը արդէն ինք պիտի ընտրէ իր հոգեւոր առաջնորդը, իսկ ներկայ պատրիարքի փոխանորդ արքեպիսկոպոս Արամ Աթէշեան կը զրկուի պատրիարք Մութաֆեանի լիազօրութիւնները կատարելու իրաւունքէն:
Պոլսոյ հայկական համայնքի ներկայացուցիչները տեւական ժամանակ է, որ կը պահանջէին կայացնել այդ որոշումը` ցանկալով իրենց առաջնորդ ունենալ ոչ թէ պետութեան կողմէ նշանակուած, այլ իրենց ձայներու արդիւնքով ընտրուած անձ մը: