Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

Նախագահը Ներկայ Գտնուեցաւ «Երեւան Շոու-2016» Ցուցահանդէսի եւ «Երեւան Տօնավաճառ» Կեդրոնի Բացման Արարողութիւններուն

Նախագահ Սերժ Սարգսեան «Մերիտիան» ցուցահանդէսային կեդրոնին մէջ ներկայ գտնուած է Հոկտեմբեր 27-30 տեղի ունեցող «ՋՈՒՆՎԵՔՍ Երեւան շոու-2016» ոսկերչական միջազգային ցուցահանդէսի բացումին: Ցուցահանդէսային կեդրոնը տեղակայուած է ոսկերչական ազատ տնտեսական գօտիի տարածքին, ուրկէ օգտուող տնտեսվարողները կ’օգտուին հարկային եւ մաքսային արտօնութիւններէ:

«Հայ ոսկերիչներու համաշխարհային միութեան» (AJA) կողմէ արդէն վեցերորդ տարին կազմակերպուող ցուցահանդէսին կը մասնակցին աշխարհի տարբեր երկիրներէ յայտնի ոսկերչական ընկերութիւններ, անհատ ոսկերիչներ, փորձագէտներ:

Հանրապետութեան նախագահը շրջած է ցուցասրահին մէջ, դիտած՝ հայրենական եւ արտերկրեայ ընկերութիւններու ներկայացուցած ոսկերչական իրերը, ոսկերչական արտադրութեան սարքաւորումները, ծանօթացած այդ ընկերութիւններու գործունէութեան ու յետագայ ծրագիրներուն: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ նախագահի մամուլի ծառայութիւնը:

Նախագահը, այսօր, ներկայ գտնուած է նաեւ «Երեւան» տօնավաճառ առեւտուրի կեդրոնի բացումին: Կեդրոնի ստեղծումը նախաձեռնած է «Սիլ Կոնցեռն» ընկերութիւնը: Հանրապետութեան նախագահին շրջայցի ընթացքին ընկերութեան պատասխանատուները ներկայացուցած են առաջին փուլի ծիրէն ներս իրականացուած աշխատանքները, կատարուած ներդրումները, բացուած նոր աշխատատեղերը, ինչպէս նաեւ զարգացման յառաջիկայ ծրագիրները, մասնաւորապէս` երկրորդ փուլին նախատեսուող աշխատանքները:

Նշուած է, որ 2016 թուականի Յունուարէն մինչեւ Հոկտեմբեր, տօնավաճառի շինարարութեան աշխատանքներուն մէջ մշտապէս ներգրաւուած եղած են աւելի քան 250 աշխատակից, որոնց միջին ամսական աշխատավարձը կազմած է 200.000 ՀՀ դրամ: Տօնավաճառի առաջին փուլով շահագործման յանձնուած հատուածին մէջ կը բացուի 550 աշխատատեղ` ամսական միջինը 150.000 ՀՀ դրամ աշխատավարձով: Կառոյցի այս փուլին ներդրումները, պատասխանատուներու հաւաստմամբ, կազմած են շուրջ 2 միլիառ 500 միլիոն ՀՀ դրամ: Երկրորդ փուլի իրականացման արդիւնքով 2017ի ամրան Երեւանը պիտի ունենայ 43 000 քմ տարածքով, 850 մանրածախ եւ մեծածախ առեւտուրի համար նախատեսուած վաճառքի տաղաւարներով յագեցուած եւ ժամանակակից բոլոր պահանջներուն համապատասխանող տօնավաճառ, ուր կը բացուի շուրջ 1000 աշխատատեղ` միջին ամսական 150 000 ՀՀ դրամ աշխատավարձով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին