Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

ՀՀ Նախագահը Հանդիպում Ունեցած է Սուրիահայ Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ

ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցած է սուրիահայ համայնքի եւ հայկական շարք մը կառոյցներու ներկայացուցիչներուն, համայնքային խնդիրներով զբաղող բարերարներու եւ պատասխանատու պաշտօնեաներու հետ: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ Նախագահի մամուլի ծառայութիւնը:

Հանրապետութեան նախագահը նշած է, որ հանդիպման մասնակիցները հրաւիրուած են քննարկելու աջակցութեան նոր գաղափարներ, նոր ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ բնակող մեր հայրենակիցներէն անմիջականօրէն տեղեկանալու վերջին զարգացումներուն եւ առկայ իրավիճակին, այդ իրավիճակին մէջ գտնուող հայկական համայնքի ներկայ կարիքներուն մասին, միտքեր փոխանակելու նաեւ Հայաստանի մէջ հաստատուած եւ ներգաղթող սուրիահայ մեր հայրենակիցներուն աջակցութեան ծրագիրներուն մասին:

«Ցաւօք, արդէն տեւական ժամանակ է, որ Սիրիան եւ, յատկապէս, Հալէպը դուրս չեն գալիս միջազգային լրահոսից՝ այնտեղ տեղի ունեցող ողբերգական իրադարձութիւնների պատճառով: Մեզ համար, նկատի ունեմ հայերիս, Սիրիան, Հալէպը սոսկ ծանօթ անուններ չեն, ինչպէս շատ-շատերի համար, այլ երկիր, բնակավայր, որտեղ ապրում են մեր հայրենակիցները: Եւ հէնց այդ պատճառով է, որ մինչ այսօր Հալէպում գործում է մեր գլխաւոր հիւպատոսութիւնը, այն դէպքում, երբ բոլոր երկրների դիւանագիտական ներկայացուցիչները վաղուց լքել են Հալէպը:

Միանշանակ կարող եմ ասել, որ մեր մօտեցումը եղել է եւ այսօր էլ մնում է հետեւեալը՝ իւրաքանչիւր սիրիահայ իրաւունք ունի Հայաստան գալու, աւելին, եթէ նա այնուամենայնիւ լքում է Սիրիան, ցանկալի է, որ գայ Հայաստան: Մենք պատրաստ ենք անել հնարաւորը, որպէսզի գոնէ նուազագոյն պայմաններ ստեղծենք, որ ժամանակի ընթացքում այդ մարդիկ կարողանան ինտեգրուել մեր հասարակութեանը եւ արդէն իրենք կարողանան լուծել իրենց խնդիրները»,- ըսած է նախագահը:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Բերիոյ թեմի առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Շահան արքեպիսկոպոս Սարգիսեան եւ հանդիպման միւս մասնակիցները Հանրապետութեան նախագահին հետ կիսած են իրենց մտահոգութիւնները Սուրիոյ մէջ շարունակուող պատերազմական վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ՝ սուրիահայ համայնքին միասնական ուժերով սատար կանգնելու ի խնդիր: Շնորհակալական խօսք ուղղած են Հայաստանի Հանրապետութեան, ինչպէս նաեւ հայկական կառոյցներուն կողմէն մեր հայրենակիցներուն՝ բոլոր կարելիութիւնները ի գործ դնելով տարիներ շարունակ հետեւողական ու հոգատար վերաբերմունքին  եւ աջակցութեան համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին