Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Ֆիլմը՝ Օսքարի Թեկնածու

Նարէ Մկրտչեանի «Տան միւս կողմը» ( The Other Side of Home) վաւերագրական ֆիլմը ընդգրկուած է Օսկարի «Լաւագոյն վաւերագրական կարճամետրաժ ֆիլմ» անուանակարգի սեղմ ցուցակին մէջ (short list): Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-­ը, անիկա 9 այլ կարճամետրաժ ֆիլմերու հետ կը պայքարի Օսկարի համար:

«Տան միւս կողմը» վաւերագրական ֆիլմը կը պատմէ Թուրքիոյ քաղաքացի կնոջ մը մասին, որ 2015 թուականին կը պարզէ, թէ իր մեծ մայրը Ցեղասպանութիւնը վերապրողներէն մէկն է, եւ կ’որոշէ մեկնիլ Հայաստան` մասնակցելու Հայոց ցեղասպանութեան 100­րդ տարելիցի ձեռնարկներուն: Անոր մէջ միշտ կը պայքարին Ցեղասպանութիւն վերապրածն ու Ցեղասպանութիւնը ժխտողը:

Երեւան ծնած բեմադրիչ Նարէ Մկրտչեանը Լոս Անճելըս տեղափոխուած է 15 տարի առաջ: Ուսանած է համաշխարհային ֆիլմարուեստի ներկայացուցչական դպրոցներէն մէկուն (USC School of Cinematic Arts) մէջ։ Նարէ Մկրտչեանը այս տարիներուն ընթացքին, նկարահանած է աւելի քան 60 կարճամետրաժ ֆիլմ:

Օսկարի 89­րդ ամէնամեայ մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ 2017 թուականի Փետրուար 26­ին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին