Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

«Հայաստան Կ’ուզէ Որ Սփիւռքը Առաւել Աշխոյժ Մասնակցութիւն Ունենայ Երկրի Տնտեսական Կեանքին Մէջ». Կարէն Կարապետեան

Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան Ամերիկայի հայկական համագումարի պատուիրակութիւնը ընդունած ատեն յայտարարեց, թէ Հայաստան կ’ուզէ որ Սփիւռքը առաւել աշխոյժ մասնակցութիւն ունենայ երկրի տնտեսական կեանքին մէջ: Վարչապետը ողջունեց ու կարեւորեց համագումարի հայանպաստ գործունէութիւնը, որ ուղղուած է Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու խորացման: Վարչապետը նաեւ նշեց, որ կառավարութեան այսօրուան ծրագիրը կը նախատեսէ արագընթաց բարեփոխումներ՝ ներգրաւելով համայն հայութեան ամբողջ ներուժը: Ան առաջնահերթ համարեց ներդրումներու խթանումը, առեւտրային միջավայրի բարելաւումը, ինչպէս նաեւ՝ յատկապէս գիւղական համայնքներուն մէջ կրթութեան որակի բարձրացման ուղղուած ծրագիրները: Հանդիպումին քննարկուեցան նաեւ Հայաստան-Սփիւռք կապերու վերաիմաստաւորման եւ, հայապահպանութեան առնչուող հարցեր: Ամերիկայի հայկական համագումարի պատուիրակութիւնը ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց եւ Սփիւռքի նախարարներուն կողմէ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին