Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Առանձնազրոյց Ունեցած է Տմիթրի Մետվետեւի Հետ

Պելառուսիոյ Հանրապետութիւն կատարած աշխատանքային այցի ժամանակ, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Կարէն Կարապետեանը Մինսկի մէջ առանձնազրոյց ունեցած է Ռուսիոյ Դաշնութեան կառավարութեան ղեկավար Տիմիթրի Մետվետեւի հետ: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ կառավարութեան մամուլի ծառայութենէն:

Ընդգծելով այն հանգամանքը, որ երկու երկիրներուն նախեւառաջ կը կապեն դաշնակցային-ռազմավարական յարաբերութիւնները, վարչապետներ՝ Կարէն Կարապետեան ու Տիմիթրի Մետվետեւ կարեւոր համարած են երկկողմ առեւտրա-տնտեսական յարաբերութիւնները աւելի խորացնելու ուղղութեամբ իրականացուող քայլերը` նկատի ունենալով նաեւ այն հանգամանքը, որ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան մէջ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ներգրաւուածութիւնը նոր հնարաւորութիւններ եւ հեռանկարներ կ’ուրուագծէ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին