Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Անհրաժեշտութիւն Մը

*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*

Չկայ հեղինակ մը, որուն բոլոր ստեղծագործութիւնները հաւասար արժէք ունենան. անկարելի է, սակայն բարձրորակ գործերէն հմայուելով, համակրական մօտեցումով մը կը պարուրուի ընթերցողը ու քիչ մըն ալ մագնիսացած կարծես, քննական մօտեցումը տեղի կու տայ ու լաւն ու լաւագոյնը կը մօտենան իրարու:

Սովորութիւն է հեղինակի մը ամբողջական գործերը ի մի բերել ու լոյսի տալ: Այդ պիտի ըլլայ լրիւ պատկերացում հեղինակի թէ ՛ անցած ճանապարհի, եւ թէ մօտեցումին՝ ժամանակի առընթեր, ինչպէս նաեւ հատընտիր պատրաստելու անհրաժեշտութեան, մանաւանդ այս օրերուս, երբ ընթերցասիրութեան կարելիութիւնները տեղի տուած են շնորհիւ աշխարհակալ բջիջային գործիքներու, համացանցի համայնացումին, ուր մարդիկ հեշտօրէն կը միտին դիւրինին, հաճելիին ու մատչելիին, մանաւանդ կեանքի այս դժուար պայմաններուն:

Ուստի, անհրաժեշտութիւն է քննական մօտեցումով հեղինակի մը ամբողջականէն զատել լաւագոյնները ու զանոնք մէկ հատորով ներկայացնել հասարակութեան:

Պ. Սեւակի ամբողջականը վեց հատորով, ու տակաւին անոնց վրայ պիտի գումարուին անտիպներ, արձակ գրութիւն եւայլն… այս ամէնը ինքնին գոհունակութիւն կը պատճառեն, սակայն արդեօք կարելի պիտի ըլլա՞յ ընթերցողներու թուաքանակով ուրախանալ…ո՞վ գիտէ:

Հատընտիրի պարագային, քննական բառը յիշեցինք, քանի որ երբեմն տարերայնօրէն ալիքին հետ կը քշուինք ու կ’երթանք:

«Մենք մեզ ո ՛ չ մէկից չենք գերադասում»: Շատ հին գրութիւններէն մէկն է, զոր լսեցինք նաեւ՝ օրուան բանախօս Դոկտ. Պարոյր Աղպաշեանի ընթերցմամբ, 22 Հոկտեմբերին, Հ.Կ.Հ.Մ.ի կազմակերպած հանդիսութեան, Պարոյր Սեւակի մահուան 45ամեակին առթիւ: Պահ մը եթէ մօտենանք քննականօրէն, արդէն «չենք գերադասում»ը ներքին հայելին է գերադասումին, եւ քերթուածը կ’աւարտի.-

Կա’նք:
Պիտի լինենք:
Ու դեռ… շատանանք:
«Շատանանք». – ո՞ւր,ինչո՞վ, ինչպէ՞ս…

Պարոյր Սեւակ յորդահոս հեղեղի նման կը խուժէ՝ իր մէջ առնելով ճամբու ընթացքին ի ՛նչ որ հանդիպի… ո՞վ անցարգել պիտի տեղադրէ զտելու համար լաւագոյնը լաւէն, որպէս հատընտիրի պարունակ ու տայ հանրութեան: Սակայն, ո՞րն է լաւագոյնը, ազգային պոռթկումներո՞ւ, ընկերային հարցերո՞ւ, բարոյագիտական միտքերո՞ւ արտայայտութիւնները, թէ՝ յիշուածներէն մասնիկներ…

Վեց հատոր, անխոնջ ու ժիր աշխատանքի արգասիք, ապրուած ու շնչուած կենդանութիւն:

Այլ գրութիւն մը՝ «ԱՏՈՒՄ ԵՄ»
Խղճա՞մ, թէ ատեմ այն տարագիրին,
Որ միշտ ապրում է… իր հայրենիքում…:
Թո՜ւհ ինչքան բան կայ կեանքում ատելի.-
Ես չգիտէի…

Անշուշտ, նկատի ունի Խ.Միութեան օրերու հայ կեանքը…(երեք տող ու երկու բառ, եւ սակայն՝ երեք կախման կէտերով): Երանի՜ ապրէր ու տեսնէր թէ ո՞ւր է խոցը, հա՞յը, մա՞րդը, թէ մարդու կերտած վարչակարգը:

«Ապրելու Ապրիլ»:

Շատ պիտի փափաքէի Պարոյր Սեւակեան պոռթկումով ու ժայթքումով մեր գրողները կարենային երգել նաեւ՝ մեր ՀԵՐՈՍՆԵՐԸ:

Բայց աւա՜ղ… կ’երեւի լացով մխիթարութիւնը մեզի սրտամօտ զգայութիւն է: Դժբախտաբար:

Կը սպասենք ՀԱՏԸՆՏԻՐ-ին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին