Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Համաձայնագիրի Ստորագրութեամբ՝ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Վարժարաններու “IPAD-ILEARN” Ծրագիրի Հանդիսաւոր Մեկնարկ

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Լիբանանի շրջանակի սեփական վարժարանները ամէն տարի հանդէս կու գան նոր կրթական ծրագիրով, նոր արհեստագիտական յայտագիրով ու նոր ուսումնական գործընթացով:

DSC_0059

Իր առաքելութեան հաւատարիմ՝ Միութեան կրթական պատասխանատուներն ու տնօրէնութիւնները նախանձախնդիր են, որ մեր նոր սերունդը հայեցի եւ ազգային դաստիարակութեան կողքին, նաեւ տիրանայ արդի արհեստագիտութեան նորագոյն զարգացումներուն ու հոլովոյթներուն, որոնց իրականացման համար պատրաստ է դիմելու ամէն միջոցի:

Ասկէ մեկնելով, Հինգշաբթի, 20 Հոկտեմբեր 2016ը եղաւ նշանակելի օր մը, երբ Բարեգործականի եւ դաստիարակչական մեծ փորձառութիւն վայելող “Eduvation School Network” Դպրոցներու Ցանցի միջեւ կնքուեցաւ համագործակցութեան համաձայնագիր մը, ըստ որուն, ՀԲԸՄ Լիբանանի Վարժարաններու նախակրթարանները յառաջիկայ տարեշրջանէն սկսեալ, իրենց կրթական ծրագիրները պիտի համալրեն արդիական «Ipad»ներու օգտագործմամբ: Ըստ  “IPAD-ILEARN” ծրագիրին՝ ՀԲԸՄ Լիբանանի Վարժարաններէն ներս, 2017-2018 Կրթական Տարեշրջանէն սկսեալ, իւրաքանչիւր աշակերտ պիտի ունենայ իր անհատական ipad-ը, եւ դասաւանդութիւնը պիտի կատարուի “Eduvation School Network” Դպրոցներու Ցանցի մասնագէտներուն կողմէ պատրաստուած, լիբանանեան պաշտօնական ուսումական ծրագիրին յարմարեցուած ու արհեստագիտական այդ նորագոյն գործիքներուն մէջ զետեղուած յատուկ գիրքերուն (ibooks) միջոցաւ: Այդ «ibook»երը պիտի փոխարինեն մինչեւ օրս օգտագործուած թուղթէ ծաւալուն դասագիրքերուն:   

Համաձայնագիրի ստորագրութիւնը տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր պայմաններու մէջ, ի ներկայութեան զոյգ վարժարաններու կրթական մարմիններուն, տնօրէններուն, ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն ու ծնողներուն:

DSC_0052

Հանդիսութիւնը վարեց Հ.Բ.Ը.Միութեան Լիբանանի Կրթական Յանձախումբի անդամ Պրն. Մայք Կիրիթլեանը, որ բացումը կատարելով, բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն՝ օրուան համախբումի կարեւորութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը շեշտելով: Այնուհետեւ, յաջորդաբար խօսք  տուաւՄիութեան վարժարաններու ընդհանուր տնօրէն՝ Պրն. Արա Վասիլեանին եւ “Eduvation School Network” Դպրոցներու Ցանցի պատասխանատու Հայր Ժօրժ Տիմասին, որոնք իրենց կարգին, կարեւորեցին այս նախաձեռնութեան ու գործակցութեան ուսումնական օգտակարութիւնը՝ աշակերտութիւնը զինելով այժմէական գիտելիքներու իւրացումով:

Այնուհետեւ, “Eduvation School Network” Դպրոցներու Ցանցի պատասխանատուներէն՝ Տիկ. Նայլա Տաուն, Power Point-ի միջոցով, ներկաները հաղորդակից դարձուց «Ipad»ային հնարքներով ուսուցման հեզասահութեան ու նպատակասլացութեան բարեմասնութիւններուն:

Պահը հասած էր համագործակցութեան համաձանագիրի ստորագրութեան, որուն համար բեմ հրաւիրուեցան, Բարեգործականի կողմէ՝ Պրն. Արա Վասիլեան, իսկ “Eduvation School Network” Դպրոցներու Ցանցի՝ Հայր Ժօրժ Տիմաս, որոնք ներկաներուն բուռն ծափահարութեան տակ ստորագրեցին պայմանագիրը՝ ազդանշանը տալով անոր մօտալուտ գործադրութեան:

Հ.Բ.Ը.Միութեան Կրթական  Յանձնախումբի ատենապետուհի՝ Տիկ. Լենա Իւրնէշլեան եւ Շրջանակային Յանձնաժողովի փոխ-ատենապետուհի՝ Տիկ. Սիլվա Լիպարիտեան, իրենց կարգին, ողջունեցին համաձայնագիրի իրականացումը, շնորհաւորեցին կողմերը,  յաջողութիւն յայտնեցին եւ մաղթեցին, որ անիկա  իսկապէս կը դառնայ կառուցողական եւ յառաջդիմական օրինակելի քայլ մը:

DSC_0111

Այս բարեբաստիկ առիթով, Հայր ժօրժ Տիմաս մեծարուեցաւ յուշանուէրներով՝ ձեռամբ Տիկ. Իւրնէշլեանի եւ Տիկ. Լիպարիտեանի, առաջինը անոր յանձնելով հայկական մանրանկարչական նմոյշ մը, երկրորդը՝ Միութեան անունով՝ փորագրեալ ապակեայ վահանակ մը, որ մեծապէս գնահատուեցաւ յարգելի հիւրին կողմէ:

Երկու կողմերու ներկայացուցիչներու միջեւ հաւաքական լուսանկարներ առնուելէ ետք, հիւրասիրութեան մը ընդմէջէն, ներկաները ապրեցան հաագործակցութեան այս դաստիարակչական վարակիչ պահը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին