Հայ Աւետարանական Գոլէճի 12րդ դասարանի աշակերտուհի Լոռի Եունիսէս, 10էն 18 Հոկտեմբեր 2016ին մասնակցեցաւ Ռոտոսի մէջ (Յունաստան) գումարուող «Մանրակերտ շրջանային յանձնախումբեր» տարեկան միջազգային համագումարին՝ ի թիւս տարբեր երկիրներէ ժամանած 500 աշակերտներու եւ համալսարանական ուսանողներու: Սոյն համագումարին որդեգրած բանաձեւերը՝ առ ի գիտութիւն կ’ուղարկուին իսկական յանձնախումբերուն, ինչպէս Եւրոպական խորհուրդին, Ափրիկեան միութեան, ՆԱԹՕ-ին եւն.:
Լոռին, որ կը ներկայացնէր Ռուսիան, շահեցաւ համագումարի բարձրագոյն «Լաւագոյն պատուիրակ» մրցանակը՝ Եւրոպական խորհուրդի 40 պատուիրակներուն մէջէն:
Նշենք, որ ան 2015ին շահած էր նաեւ Լիբանանի ամերիկեան համալսարանի «Մանրակերտ ՄԱԿ» գործունէութեան բարձրագոյն «Ընդհանուր քարտուղարի մրցանակը» եւ մեկնած էր Նիւ Եորք՝ մասնակցելու միջազգային «Մանրակերտ ՄԱԿ»ին, ուր կրկին արժանացած էր նոյն պատուաբեր մրցանակին:
Կը շնորհաւորենք Լոռիին յաջողութիւնը ու նորանոր նուաճումներ կը ցանկանք իրեն: